Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պուտտաներու պատուիրակութիւն մը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 13 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ulaanbaatari, Gandantegchinlen վանքին վանահայր D. Javzandorj եւ Ulaanbaatar Պապական նուիրակ կարդինալ Ճորճօ Մարենկօ։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար ապա անդրադարձաւ Սուրբ Աթոռի եւ Մոնկոլիայի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական բարի յարաբերութիւններուն ու յիշեց 2023 թուականին Մոնկոլիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Մոնկոլիոյ մէջ կրօնական վերանորոգումը որ սկիզբ առաւ 90 ական թուականներուն ու ընդգծեց Մոնկոլիոյ յանձնարարութիւնը ի սպաս միջ կրօնական եւ կրօնքի ազատութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատեց, պատերազմներով եւ բնական աղէտներով յատկանշուած աշխարհի մէջ խաղաղ աշխարհ մը կառուցելու կարեւորութիւնը յորդորելով կրօնապետերը միասնաբար աշխատելու խաղաղ մշակոյթ զարգացնելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա արդիւնաւէտ այցելութիւն մաղթելով յոյս յայտնեց որ միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսութեան հետ հանդիպումը նպաստէ համագործակցութեան՝ երկխօսութեան ,եղբայրութեան, արդարութեան եւ ընկերային համերաշխութեան վրայ հիմնուած ընկերութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց խնդրելով որ իր ողջոյնները փոխանցեն Մոնկոլիոյ բոլոր Պուտիսթ վանականներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
