Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանաներուն. Մօտիկ եղէք Աստուծոյ եւ եպիսկոպոսներուն

Սրբուհի Այնէզի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի «Քափրանիքա» քահանայապետական վարժարանի անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սրբուհի Այնէզին ծիսական տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի «Քափրանիքա» քահանայապետական վարժարանի անդամները ու արտասանած խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար ապա յիշեց վեց տարի առաջ ստորագրած վարժարանի սահմանադրութիւնը, յորդորելով վարժարանի հասարակութիւնը հետեւելու այդ սահմանադրութեան ուղղութիւններուն, «որոնք յոյժ կարեւոր են պատասխանատու եւ հասուն կազմաւորումի համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց հասարակութեան կարեւորութեան մասին, դիտել տալով որ վարժարանի հասարակութիւնը, որ կազմուած է տարբեր թեմերէն ժամանած երիտասարդներէ եւ չափահասներէ բազմազանութիւն մըն է որ կը ցոլացնէ Աստուծոյ ժողովուրդին բազմութիւնը։

Քահանայապետը հրաւիրեց վարժարանին անդամները մերձաւոր գտնուելու Աստուծոյ, եպիսկոպոսին, քահանաներուն եւ հասարակութեան միեւնոյն անդամներուն հետ ու հրաւիրեց հոգ տանելու եկեղեցւոյ առաքելութեան ընդգծելով սինոդականութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէս վերանորոգումի ուղեւորութիւն մը։

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի մատուցած ծիսական ծառայութեան համար՝ Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ յորդորելով վարժարանին անդամները պահպանելու հաւատքի կեանքը որ կը համապատասխանէ ծէսին։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ վարժարանի մատուցած բարեսիրական աշխատանքներուն ընդգծելով որ եղբայրասիրութիւնը պէտք է որ շօշափելի կերպով արտայայտուի՝ կարիքաւորներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ հրաւիրելով երբեք չկորսնցնել կապերը դժուարութեան մէջ ապրողներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը վարժարանի անդամներուն, աշակերտներուն, նախկին աշակերտներուն, ընտանիքներուն, եպիսկոպոսներուն ու խնդրեց ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար, ապա հայցեց Սրբուհի Անյէզի բարեխօսութիւնը եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2025, 11:02