Երանելի Մայր Վինչէնցա Մարիա Փոլոնի Երանելի Մայր Վինչէնցա Մարիա Փոլոնի 

Եկեղեցին պիտի ունենայ նոր Սրբուհի մը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարօն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 27 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարօն ու արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Սուրբերու դատի վերատեսչութեան նոր սրբուհիի  եւ Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Երանելի Մարիա Փոլոնի

Սուրբ պիտի հռչակուի Երանելի Մարիա Փոլոնի։ Ան ծնած է Իտալիոյ Վերոնա քաղաք՝ 26 յունուար, 1802ին։ Ան հոգին աւանդած է իր ծննդավայրին մէջ 11 նոյեմբեր 1855ին։

Եկեղեցւոյ մարտիրոսներուն շարքին պիտի դասուին հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներմ ու աղախինները 

Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամ, Աստուծոյ ծառայ Փիեթրօ տա Քորփա ու անոր չորս ընկերները, որոնք սպաննուած են իրենց հաւատքին դէմ ատելութեան համար, Ֆլորիտայի մէջ 1597 թուականին։

Աստուծոյ ծառայ եղբայր Լիքարիոնէ Մայ։ Ան ծնած է Զուիցերիա 27 յուլիս 1909ին ու սպաննուած է իր հաւատքին համար 21 յուլիս 1870ին։

Աստուծոյ աղախին Maria Riccarda del Preziosissimo Sangue Beauchamp Hambrough, մկրտութեան անունով Քաթերինա1 Ան ծնած է 10 սեպտեմբեր 1887ին Լոնտոն եւ վախճանած է 26 յունիս 1966ին Հռոմի մէջ։ Եղած է Մեծաւոր մայրը, «Սանթիսսիմօ Սալվաթորէ Տի Սանթա Պրիճիտա» միաբանութեան

Աստուծոյ ծառայ Քուինթինօ Սիքուրօ։ Ան եղած է թեմական քահանայ։ Ծնած էր Իտալիոյ Մելիսսանօ քաղաք 29 մայիս 1920ին եւ վախճանած է 26 դեկտեմբեր 1968ին։

Աստուծոյ աղախին, Լուիճա Սինափի։ Ան աշխարական էր ու ծնած է Իտալիոյ Իթրի քաղաք 8 սեպտեմբեր 1916ին, մահացած է Հռոմի մէջ 17 ապրիլ 1978ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2025, 11:50