Ֆրանչիսկոս Պապ. Յարուցեալ Քրիստոսը մեր միակ յոյսն է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 17 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած Քորտոպա նորընծայարանի հասարակութիւնը։
Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ բարի գալուստ մաղթեց ապա խօսքը կեդրոնացուց Յոբելինական Սուրբ Տարուան նիւթին վրայ՝ յոյսը ։ Կեանքի ճամբորդութեան մէջ կրնանք բացայայտել յոյսը, որպէս նշաններ որոնք ցոյց կու տան մեզի ճանապարհը.
Առաջին նշանը ուղղութիւնն է՝ դէպի դրախտ, դէպի Յիսուսի հետ հանդիպումը, երկրորդ նշանը ճանապարհին վտանգները ու այս առումով Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ զինուելով յոյսի սաղաւարտով, կարելի է վկայութիւն տալ, կարելի է տոկուն ըլլալ ճանապարհին վրայ, համոզուած որ Յիսուս միշտ կ՝աջակցի մեզի եւ ուժ կու տայ յոյս սերմանելու։
Երրորդ զովացուցիչ վայրերը։ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, Հռոմի Սուրբ Դուռէն անցնելու եւ առաքեալներուն դամբարանները այցելելու համար, կարիքը ունինք Յիսուսի աջակցութեան եւ ներկայութեան որ մեր միակ յոյսն է ։ Յիսուսը մեզի կը ներկայանայ որպէս Տէր, որպէս վարդապետը, Ան մեզի կը նուիրուի, որպէս սնունդ Սուրբ Հաղորդութեան եւ խօսքին մէջ եւ մեզ կը վերանորոգէ ու կ՝ընդունի երբ յոգնած ենք։ Առանց այս յոյսին, ուղեւորութեան մէջ մտնել խելագարութիւն է , սակայն վստահելով Յիսուսին, կասկած չ՝ունինք, որ պիտի հասնինք մեր փափաքած տեղը։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց յարելով «Այս ուղեւորութիւնը Յիսուսի ուղեւորութիւնն է, որ մեզ կը տանի Երկնային Երուսաղեմ անցնելով երկրային դռնէն, խաչը կրելով։Ճանապարհ մը ուր չենք կրնար միայնակ յառաջ երթալ, այլ հասարակութեան մէջ, առաջնորդելով, պաշտպանելով եւ օրհնելով անոնք, որոնք Տէրը մեզի ձգեց որպէս պարտականութիւն», ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց հայցելով բոլորին վրայ Virgen de la Fuensanta Տիրամօր հովանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
