Որոնել

2025.01.11 La sede della Fondazione Roma

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ռոմա հիմնարկի կեդրոնը

Քահանայապետը այցելեց Վիա տէլ Քորսոյի վրայ գտնուող Ռոմա հիմնարկի կեդրոնը հանդիպելով կազմակերպութեան ղեկավարներուն հետ, որոնց շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց բարեսիրական գործունէութեան համար։ Հիմնադրամը, որը ներգրաւած է տարբեր ոլորտներուն մէջ, առողջապահական և մարդասիրական նախաձեռնութիւններ կ՛իրագործէ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ ինչպէս Արժանթին, Թոկօ, Ուքրանիա, Լիբանան, եւ Պաղեստինի մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 11 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուաւ «Ռոմա հիմնարկին» որուն կեդրոնը կը գտնուի Հռոմի Վիա տէ Քորսօ պողոտային վրայ ուր Ան դիմաւորուեցաւ Հիմնարկի նախագահ Տիար Ֆրանքո Փարասասսիի եւ Հիմնարկի վերին իշխանութեան անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն կողմէ։

Օրհնելէ ետք Կեդրոնի ներքեւ կառուցուած մատուռը Նորին Սրբութիւնը Վեհաժողովի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ հիմնադրամի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ՝ երախտագիտութիւն յայտնելով անոնց յանձնառութեան համար և ընդգծելով առատաձեռնութեան կարևորութիւնը յատկապէս մշակոյթի ոլորտէն ներս: Ան նաև յիշեցուց «ծիծաղի» կարևորութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ՝ մէջբերելով Սուրբ Թոմաս Մորոյի մէկ աղօթքը։

Այս առիթով Հիմնարկի նախագահ Տիար Փարասասսի շնորհակալական խօսք ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին այս արտակարգ եւ եզակի նկատուած այցելութեան համար յիշելով նաեւ Անոր անցեալ 8 դեկտեմբերին Հիմնարկի պատկան «Փալացցօ Չիփոլլա» կատարած այցելութիւնը ինչպէս նաեւ 12 ապրիլ 2019 «Villaggio Alzheimer» կեդրոնին այցելութիւնը եւ ակնարկեց Հիմնարկի ստանձնած պատասխանատուութեան մասին համապատասխանելու նորաստեղծ կարիքներուն այս ծիրէն ներս յիշելով Արժանթինի, Թոկոյի, Բեթղեհէմի, Լիբանանի եւ Ուքրանիոյ մէջ իրագործուած ծրագիրները, որոնք վայելած են Եկեղեցական հաստատութիւններու համագործակցութիւնը ինչպէս Քարիթասը եւ Հռոմի Թեմը։

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ռոմա հիմնարկի կեդրոնը
Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ռոմա հիմնարկի կեդրոնը   (ANSA)

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2025, 19:22