Զէնք արտադրողները թող դարձի գան` անոնց արտադրութիւնները կը սպաննեն. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար, պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է». Այս եղաւ այսօր եւս Ֆրանչիսկոս Պապին նորոգուած կոչն ու հրաւէրը, զոր Ան ուղղեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնք մասնակցեցան չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան։
Թող դարձի գան սրտերը
Վերոնշեալ այդ խնդրանքներուն կից Նորին Սրբութիւնը յատուկ աղօթք մը խնդրեց նաեւ զէնքի ծաղկող շուկայի «տէրերուն» համար, «որպէսզի անոնց սրտերը դարձի գան, որովհետեւ իրենց արտադատութիւններով կ՛օգնեն սպաննելու» ըսաւ Սրբազան Պապը, աղօթք խնդրելով նաեւ Ուքրանիոյ, Մինամարի, Պաղեստինի, Իսրայէլի ու պատերազմի մէջ գտնուող բոլոր երկիրներուն համար։
Նախ քան այս կոչը Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Միանմարի Քաչին մարզին մէջ տեղի ունեցած սողանքին, որ «պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ ծանր աւերներ»։
Կրկէսի աշխատանքը մարդկային աշխատանք է
«Ես մօտիկ եմ այդ աղէտին թիրախ բնակչութեան եւ կ՛աղօթեմ բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Թող մեր այս փորձանքի մէջ գտնուող եղբայրներուն լու քոյրերուն չպակսի միջազգային հասարակութեան զօրակցութիւնը», ըսաւ Սրբազան Պապը, որ ապա յատուկ շնորհակալական խօսք մը ուղղեց հրապարակային ունկնդրութեան առիթով գեղարուեստական փոքր յայտագիր մը ներկայացուցած կրկէսի անդամներուն, հաստատելով` որ «կրկէսի աշխատանքը մարդկային աշխատանք է, արուեստ է, եւ մեծ ջանքի կարօտ գործ է»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն քաջալերելով զանոնք վեհանձնութեամբ վկայելու Քրիստոսի վրայ իրենց հաւատքը, «որ կը լուսաւորէ կեանքին ուղեւորութիւնը» ըսաւ Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
