Ֆրանչիսկոս Պապ. Օգնել աղէտներէն, պատերազմներէն տուժած կարիքաւորներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 11 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Cooperativa Virgen de las Angustias» - «Լաս Անկուսթիասի հանրախանութներուն Սուրբ Կոյս» անուան ընկերութեան անդամները, ընկերութեան հիմնադրութեան 65 ամեակի կապակցութեամբ։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց վերոյիշեալ կազմակերպութեան տածած աշխատանքները, ըլլայ որպէս հիմնադրամ, ըլլայ որպէս գործառնութիւն, «որովհետեւ առաջին օգնութիւնը, զոր կրնանք տալ ընկերութեան այն է արժէքաւորել մեր ունեցած բարիքները՝արուեստագիտական ծառայութեամբ, որ կը համապատասխանէ անհատներու իրական կարիքներուն եւ թոյլ կու տայ կայուն զարգացման» յարեց Սրբազան Պապը, Ան ապա անդրադառնալով հիմնադրամին անունին յարեց, որ հիմնադրամի ծրագիրը կը կայանանայ իր անուան մէջ. առաջին բանը համագործակցիլ, միասին աշխատիլ, ուժեր միացնելն է ինչպէս նաեւ խճանկար կազմել է, որուն մէջ իւրաքանչիւրս կարեւոր է, այն գիտակցութեամբ որ միասնութեան մէջ կ՝ընկալուի աշխատանքի գեղեցկութիւնը։
Երկրորդ սուրբ Կոյս Մարիամը, մեր Մայրը, այս ջանքերուն պատճառն ու օրինակն է ու իր Իրեն բարեպաշտութեամբ կը վստահինք, ու կ՝ընդօրինակենք իր ջանքերը, որ պէտք է գլխաւորէ մեր գործերը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Քառերա տաճարին մէջ գտնուող Աստուածածնի սրբապատկերին, «Աստուածածինը, Մեր մայրը կանգնած է Քրիստոսի առջեւ՝ սեղանին վրայ, խաչի աւանդական ներկայացումի փոխարէն, որուն մէջ Տիրամայրը կը գրկէ իր Որդին։ Այդ սեղանը, ուր Յիսուսը երկնցած է, մեզի կը ներկայացուի որպէս պարտականութիւն մը, որ մեր հաստատութեան, գրասենեակի վրայ դրուած աշխարհի ցաւը, որ Յիսուսը տարաւ մինչեւ գողգոթայ։ Յիսուսին է որ կը ծառայենք, իրեն է որ կ՝աջակցինք նախաձեռնութիւններուն մէջ եւ սա կ՝ուզենք կատարել ինչպէս կատարեց իր օրհնուած Մայրը, իմանալով թէ որքան յուզուած էր իր ցաւէն» ըսաւ Սրբազան հայրը։ Ան պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը ու սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
