2024.10.11 Settimana di preghiera per la unita dei cristiani 2025

Համամիութիւնը կամընտրական բան չէ. Աղօթենք քրիստոնեաներու միութեան համար

Այսօր սկիզբ առաւ Քրիստոնեաներու միութեան ի սպաս աղօթքի շաբաթը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

“«Այս տարի եւս կանչուած ենք աղօթելու, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները վերադառնան ըլլալու մէկ ընտանիք, համաձայն աստուածային կամքի, որ կը ցանկանայ, որ «բոլորը մէկ ըլլան» (Յովհ. 17, 21). Համամիութիւնը կամընտրական բան չէ։ #Աղօթք #ՔրիստոնեաներուՄիութիւն»։”

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` 18 Յունուար 2025-ի գրառումն է սա, զոր կը կարդանք Քահանայապետական «ԻՔՍ» հարթակի վրայ եւ որ կը վերաբերի այսօր սկիզբ առնող Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան, որուն այս տարուայ աղօթքներն ու խորհրդածութիւնները խմբագրուած են Իտալիոյ Պոզէի Վանական Համայնքի կրօնաւորներու կողմէ, եւ նուիրուած են 325 թուականին Նիկիոյ մէջ գումարուած Քրիստոնէութեան Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակին, որ կը յիշատակուի այս տարի։

«Կը հաւատա՞ս այս բանին»

2025 տարուայ Աղօթքի Շաբթուան նիւթն է «Կը հաւատա՞ս այս բանին» խօսքը` որ  քաղուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն (11։26)։

Արդարեւ ամէն տարի համայն եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուին աղօթքներ, Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար։ Քրիստոնեայ հասարակութիւններ այսօր անկեղծ փափաք կը դրսեւորեն զանազան դարերու ընթացքին գոյացած բաժանումները երկուստեք հարթելու եւ դէպի Քրիստոսի եկեղեցւոյ վերջնական միութիւն քալելու ուղղութեամբ։

Աղօթքի շաբթուան սովորութեան ծագումը

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսի եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոնի, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են աւանդութեան մը որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` «Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի» ստեղծումէն ետքը դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին համար։

Թուականները

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ՝ 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը՝ 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը 25 Յունուարին։

Սուրբ Պետրոսի դաւանանքը

Սուրբ Պետրոսի դաւանանքի մասին պատմած են Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները։

Յիսուս Փիլիպպեան Կեսարիայի կողմերը երթալով իր աշակերտներուն հարց կու տայ. «Ժողովուրդը ո՞վ կը կարծէ որ ըլլայ մարդու Որդին»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոմանք Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ՝ Եղիան, իսկ ոմանք, Երեմիան, կամ մարգարէներէն մէկը»։ Եւ երբ Յիսուս անոնց հարց կու տայ. «իսկ իրենք ինչ կ՛ըսեն իր մասին», Սիմոն Պետրոս կը պատասխանէ. «Դու ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ Յիսուս առ այդ Պետրոսին կ՛ըսէ. «Երանի քեզի Սիմոն Յովնանի որդի, որովհետեւ Հայրը որ Երկինքն է քեզի յայտնեց այս մէկը։ Ես քեզի կ՛ըսեմ. «Դուն վէմ ես եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն զայն։ Ես քեզի պիտի տամ երկնքի ի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ, կապուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։ Եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ, արձակուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ»։

Սուրբ Պօղոսի դարձը

Սուրբ Պօղոսի դարձի մասին պատմուած է գործք առաքելոցի գիրքին 9-րդ գլխուն մէջ։ Պօղոս Առաքեալը` Քրիստոսի Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք ընտրուած` 13 առաքեալն է։ Ան, եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը: Պօղոս ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ եւ ունէր Հռովմէական քաղաքացիութիւն։ Վկայութիւններու համաձայն Պօղոս եղած է փարիսեցի եւ խստօրէն պահպանած է օրէնքը ու հալածած է քրիստոնեաները։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ սակայն Տէրը կ՛երեւնայ անոր ու Պօղոս դարձի կու գայ եւ կը մկրտուի Անանիա առաքեալի ձեռքով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 13:30