Որոնել

2025.01.15 Presidenti e Direttori Nazionali della Caritas di Latinoamerica e dei Caraibi

Հոգածութիւնն ու պաշտպանութիւնը տարէք բոլորին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը ընդունեց Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան կղզիներու Քարիթասներու պատասխանատուները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 15 Յունուար 2025-ին նախ քան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորելը, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց լատին ամերիկեան տարածաշրջանի Քարիթասներու տնօրէններուն ու նախագահներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին մասնակցելու համար կազմաւորման մէկ դասընթացքին, եւ այս առիթով անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, նորոգեց հրաւէրը խթանելու «խնամքի մշակոյթ» մը, որ կարելի է ամփոփել «պաշտպանութիւն» եզրոյթի մէջ» ըսաւ Ան։

«Տէրը մեզմէ իր պատուիրակներէն, կը խնդրէ օրհնուած խաչին նշանը դնել ճակատին անոնց` որոնք կու գան մեր Քարիթասներուն մօտ, լացով ու ողբով, բոլոր այն անարդարութիւններուն համար, նոյնիսկ զզուելի, որոնք իրենց դէմ գործադրուած են» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը նշելով, որ այս մէկը ընելով, այսինքն այդ նշանը դնելով, մենք «իւրաքանչիւր անհատի համար կը ճանչնանք անոր Քրիստոսի մէջ եղբայրութեան արժանապատուութիւնը ու անոր մէջ կը տեսնենք Փրկչին բաց վէրքը, որ մեզի կ՛երկարէ իր ձեռքը, որպէսզի կարողանանք հասկնալ անոր մարդեղութեան խորհուրդը»։

«Այս իմաստով, պաշտպանութիւնը «աստուածային» եզրոյթ է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը «նոյնինքն Քրիստոսն է` որ գրուած է իւրաքանչիւր մարդու և իւրաքանչիւր կնոջ ճակատին վրայ և, այնպէս ինչպէս հայելիի մէջ, մեր սրտերուն ու մեր դիւրաբեկութեան մէջ, մենք կ՛ ուզենք ըլլալ անոր սիրոյն կրողները՝ գթութեան և հոգատարութեան փոքրիկ արարքներով»։

Ան ապա խօսքը աւարտեց մաղթելով` որ ներկաները Սուրբ Կոյս Մարիամէն սորվին ու բոլոր մարդոց տանին խնամք ու պաշտպանութիւն։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2025, 11:13