հնդիկ եպիսկոպոսները ընդհանուր ժողովի ընթացքին հնդիկ եպիսկոպոսները ընդհանուր ժողովի ընթացքին  

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը հնդիկ եպիսկոպոսներուն. Բացէք դռները ողջունելու համար աղքատներն ու խոցելիները

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց Հնդիկ Եպիսկոպոսներուն, Հնդկաստանի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն տարեկան 36 րդ ընդհանուր նիստի կապակցութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց Հնդիկ Եպիսկոպոսներուն, Հնդկաստանի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն տարեկան 36- րդ ընդհանուր նիստի կապակցութեամբ, զոր կը գումարուի Օիսա քաղաքի «Cuttack-Bhubaneswar» առաջնորդարանին մէջ։

Ուղերձին մէջ Նորի Սրբութիւնը եպիսկոպոսները յորդորեց բանալու եկեղեցիներուն դռները՝ ընդունելու համար աղքատներն ու խոցելիները, ընդգծելով Սինոդի թելադրանքները իրականացնելու ու ազգին համար յոյսի նշան դառնալու կարեւորութիւնը։

Հնդիկ եպիսկոպոսներուն ուղղած ուղերձին մէջ, զոր ընդհանուր նիստին ընթացքին կարդաց Արք Ճորֆ Անթոնիսամի Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է «Կ՛աղօթեմ որպէսզի ձեր որոշումները կարողանան օգնել տեղական եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ զատորոշել, թէ ինչպէս կարելի է իրագործել սինոդական ուղեւորութեան պտուղները եւ ներշնչել բազմաթիւ հաւատացեալները՝ միսիոնար առաքեալները դառնալու կոչումը»։

Անդրադառնալով ապա յոբելինական սուրբ Տարուան Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս յայտնեց այն գծով, որ Հնդկաստանի մէջ եկեղեցին «Պիտի շարունակէ յոյսի նշան ըլլալ ողջ ազգին, փորձելով միշտ իր դռները բանալ ընդունելու համար աղքատները, խոցելիները, որպէսզի բոլորը կարողանան աւելի լաւ ապագայի յոյս ունենալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2025, 07:35