Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդ Մանուկներուն. Աղօթեցէք նուազ բախտաւոր մանուկներուն համար որոնք զուրկ են բժշկական խնամքէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 10 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պրէսլավիայի ուռուցքաբանական մանկաբուժարանի հիւանդ մանուկները ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնելց սոյն հանդիպումին ինչպէս նաեւ Յոյսի նուիրուած Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ երիտասարդները կը ներկայացնեն յոյսի նշաններ, որովհետեւ անոնց մէջ Յիսուսը ներկայ է, յոյսի աղբիւրը որ երբեք չի յուսահատեցներ։
«Իսկական բարեկամութիւնը կը ներառէ ըլլայ՛ ուրախութիւնները, ըլլայ՛ վիշտերը» ըսաւ Սրբազան Հայրը վերյիշելով Յիսուսի խօսքերը, որ առաքեալները իր բարեկամները կը կոչէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ծնողաց եւ հիւանդապահներուն, բժիշկներուն սիրոյ կարեւորութիւնը, որոնք խնամք կը տանին երիտասարդներուն ու կ՝աջակցին անոնց։
Նորին Սրբութիւնը Հրաւիրեց պատանիները աղօթելու ու իրենց տառապանքները նուիրելու Քահանայապետին դիտաւորութեամբ ու այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց խնդրելով նաեւ, որ միշտ յիշեն նուազ բախտաւոր մանուկները, որոնք զուրկ են բժշկական օգնութենէն։
«Նաեւ ես ձեզ իմ բարեկամներս կ՝անուանեմ, դուք բարեկամներս էք։ Եւ ես կը փափաքէի որ ինծի օգնէք եկեղեցիին ծառայելու համար, երբեմն՝ ձեր աղօթքները եւ տառապանքները Պապին դիտաւորութեան նուիրելով ու ասոր համար շատ շնորհակալ եմ», ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա Իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պատանիներու ներկայութեան ու անոնց ուղեկցողներուն համար, որոնց շարքին ծնողները ապա Հայցելով Տիրամօր հովանին, պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ