Wildfires force thousands of evacuations in the Los Angeles area

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Լոս Անճելըսի հրդեհներու զոհերուն եւ աղէտին ի տես

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը ուղղուած Գերապայծառ Կոմեզին, Քահանայապետը մօտիկութիւն արտայայտեց բոլոր այն ընտանիքներուն որոնք թիրախ եղան այդ ահռելի աղէտին իր աղօթքները ապահովեցնելով զոհերուն եւ առաջին օգնութիւն մատուցող անձնակազմի անդամներուն
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Տխրութիւն ու ցաւ, այս է այն ինչ որ արտայայտեց Ֆրանչիսկոս Պապը ի տես այս օրերուն Լոս Անճելըս քաղաքը հարուածող ահռելի եւ կործանիչ հրդեհին։ Արդարեւ շաբաթ 11 Յունուարին հրատարակուած եւ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրի մը մէջ, ուղղուած տեղւոյն Արքեպիսկոպոս Գերապ. Խօսէ Կոմեզին, Քահանայապետը ի «հոգեւոր մօտիկութիւնը» կը վստահեցնէ վերոնշեալ աղէտին թիրախ բնակչութեան, որուն հետեւանքով արդեն կան 11 զոհեր եւ անհամար վնասներ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը մեռեալներուն հոգին կը յանձնէ «Ամենակալ Աստուծոյ ողորմած սիրոյն» ու իր ցաւակցութիւնները կ՜արտայայտէ անոնց` որոնք կ՛ողբան այդ մարդկային կորուստները ապա աղօթքներ կ՜ապահովեցնէ բոլոր անոնց` որոնք շտապ օգնութիւն կը մատուցեն։

Վերջին տուեալներուն համաձայն բռնկած են առ նուազն վեց մեծ հրդեհներ. Մինչ այժմ մեռեալներու թիւը հասած է տասնմէկի, թէեւ ըստ տեղական իշխանութիւններուն այս թիւը անորոշ է։ 100 հազարէ աւելի անհատներ տեղահանուած են ու այլ տասնեակ հազարաւորներ կ՛ապրին անորոշութեան վիճակ մը։ Հեռուստակայաններէն եւ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած եւ պատկերասփռուած նկարները ահռելի են, որոնց միջոցաւ կը հասկցուի աղէտին ծանրութիւնն ու այդ շրջանի բնակիչներուն ապրած ողբերգութիւնը` ուր շատեր կորսնցուցին ամէն բան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2025, 10:59