Հռոմի մէջ Սուրբ Պօղոս առաքեալին նուիրուած տաճարը Հռոմի մէջ Սուրբ Պօղոս առաքեալին նուիրուած տաճարը  (Vatican Media)

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ եւ Նիկիոյ տիեզերական ժողովին յիշատակը

25 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնին եւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան արարողութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2025 թուականին կը նշուի Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700 ամեակը, որ տեղի ունեցաւ 325 թուականին։ Այս տարեդարձին կապակցութեամբ, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ տեղի պիտի ունենայ 18էն 25 յունուարին։ Աղօթքի շաբաթը վերջ պիտի գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորելիք ժամասացութեամբ Սուրբ Պողօսի տաճարին մէջ

23 յունուարին, Հռոմի թեմը կը կազմակերպէ շրջիկ հսկոում, ներառելով երեք աղօթատեղիներ, լուտերական եկեղեցին մը, օրթոտոքս եկեղեցի մը եւ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւն մը։ Այս հսկոումը պիտի չ՝ըլլայ միայն աղօթքի հսկում, այլեւ ուխտագնացութիւն, որ կը ներառէ սուրբ գրային խորհրդածութիւններ տարբեր դաւանանքներուն ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Պիտի բաշխուին նաեւ լոյսի եւ յոյսի խորհրդանշական մտածականներ։

Այս տարուան եկեղեցիներու միութեան աղօթքի նիւթն է «Կը հաւատա՞ս ասոր» քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն, ներշնչուած Յիսուսի եւ Մարթայի երկխօսութենէն կապուած Յարութեան հանդէպ հաւատքին հետ։

Այս տարուան համար ընտրուած նիւթը վերցուած է Յիսուսի եւ Մարթային միջեւ երկխօսութենէն ի տես Ղազարոսի մահուան մարտահրաւէրին եւ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքին։

Այս թեման կարեւոր է  յատկապէս բաժանումի եւ պատերազմի  տխուր մթնոլորտին մէջ ու  հրաւէր  մտածելու ընդհանուր հաւատքի մասին, որ կը միացնէ բոլոր քրիստոնեաները» նշեց, Հռոմի թեմերուն միջ կրօնային երկխօսութեան եւ համամիութեան գրասենեակի պատասխանատու գերյ Մարքօ Կնավին ընդգծելով որ Նիկիոյ տիեզերական ժողովի տարեդարձը հնարաւորութիւն է դիմակայելու համար ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ պատասխանելու իւրաքանչիւր անհատին սիրտին մէջ գտնուող հաւատքին հարցերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2025, 10:48