Քահանայապետը Սիքստինեան մատրան մէջ պիտի մկրտէ 21 նորածիններ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 12 Յունուարին ըստ լատինաց տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան որուն առիթով աւանդութիւն դարձած է, որ Քահանայապետերը Մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեն վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն, Վատիկանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ։
Այս տարի Քահանայապետին ձեռքով Մկրտութեան սուրբ խորհուրդը պիտի ընդունին 21 նորածին մանուկներ։
1981ին սկիզբ առած աւանդութիւն
Վերոնշեալ այս արարողութեան աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1981-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով, որ սկզբնական շրջանին վերապահուած էր Զուիցերական պահակագունդի անդամ զինուորականներու մանուկներուն եւ առաջին տարիներուն կատարուեցաւ առաքելական պալատի Պօղոսեան մատրան մէջ, իսկ 1983-էն ասդին ան տեղի կ՛ունենայ աշխարհածանօթ Սիքստինեան մատրան մէջ, ներառելով Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին զաւակները որոնք մէկ տարեկանը չեն բոլորած։
Քահանայապետ ընտրելու վայրը
Յայտնենք` որ Սիքստինեան Մատուռը, որ իր անունը առած է Սիքստոս Դ.րդ Տէլլա Ռովերէ Քահանայապետէն, որ զայն կառուցել տուած է ճարտարապետ Ճովաննի Տէյ Տոլչիի-ն, տիեզերական արուեստի ու աշխարհի ամենահռչակ թանգարանային վայրերէն մին ըլլալէն անդին վայրն է ուր Կարդինալները կ՝ընտրեն Նոր Քահանայապետը։
Մատուռը գլուխ գործոցն է աշխարհահռչակ արուեստագէտ Միքելանճելոյին, որ հոգացած է Մատրան առաստաղի կամարի զարդարանքի աշխատանքները (1508էն-1512 թուականներուն) ինչպէս նաեւ խորանի ետեւի պատին «Վերջին Դատաստան» գործը՝ 1536էն-1541 թուական։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
