Սրբազան Պապին մտահոգութիւնը Քոնկոյի մէջ ստեղծուած իրավիճակին ի տես. Թող դադրին բռնութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մտահոգութիւնս կ՛արտայայտեմ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած անվտանգութեան իրավիճակի վատթարացման համար։ Կը խրախուսեմ հակամարտող կողմերը յանձնառու ըլլալու դադարեցնել ռազմական գործողութիւնները և պաշտպանել Կոմայի և այլ շրջաններու ռազմական գործողութիւններէն տուժող խաղաղ բնակչութիւնը» ։
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչն է սա զոր Ան ուղղեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին ի տես Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ ստեղծուած անել վիճակին, մտահոգութիւն յայտնելով նաեւ «մայրաքաղաք Քինշասայի մէջ տեղի ունեցածին համար», մաղթելով` որ «շուտով դադրին որեւէ տեսակի բռնութիւնները` մարդոց ու անոնց ինչքերուն նկատմամբ»։
«Մինչ կ՛աղօթեմ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հրատապ հաստատումին համար կը հրաւիրեմ տեղական իշխանութիւնները ու Միջազգային հասարակութիւնը, իրենց բոլոր ջանքերը գործադրելու` խաղաղ միջոցներով լուծելու համար հակամարտութեան այս իրավիճակը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը։
Արդարեւ վերջին օրերուն Հարաւային Քիվույի մէջ բռնկեցաւ M23 ապստամբներու և բանակի միջև հակամարտութիւնը որուն պատճառաւ կան քսան զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ, մինչ դեսպանատուները, դրամատուները թիրախ դարձած են յարձակումներու եւ մայրաքաղաք Քինշասայի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ ցոյցեր կը կատարուին։
Այսօր նախատեսուած է հանդիպում ընդմէջ Քոնկոյի եւ Ռուանտայի նախագահներուն, լուծում գտնելու համար այս հարցին։
Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է
Քոնկոյի մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ կոչին առընթեր Սրբազան Պապը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու նաեւ աշխարհի այլ պատերազմական վայրերուն մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ, յիշելով յատուկէն Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը ու անգամ մը եւս վերահաստատելով` թէ «պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»։
Սուրբ Ճովաննի Պոսքոն
«Աղօթենք խաղաղութեան համար» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները յիշեցնելով` որ միւս օր կը նշուի քահանայ ու դաստիարակ` Սուրբ Ճովաննի Պոսքոյին ծիսական տօնը. «Անոր նայեցէք` որպէս կեանքի ուսուցիչ եւ անոր հոգեւոր փորձառութենէն սորվեցէք վստահիլ Աստուծոյ, ողորմած Հայր, կեանքի բոլոր դէպքերուն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Խաղաղութեան ու մարդկային կեանքի եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան կոչ
Յայտնենք, որ զանազան լեզուներով իր ուղղած ողջոյնի խօսքերուն մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Հրեաներու Ողջակիզման յիշատակի օրը, Լեհ հաւատացեալները հրաւիրելով ըլլալու «այդ աղէտին ու անոր զոհերուն ճշմարտութեան ու յիշողութեան պահապանները, որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ քրիստոնեայ նահատակներ» հաստատեց Ան, ընդգծելով որ այս մէկը ազդակ մըն է «յարատեւ յանձնառութեան մը, ի նպաստ որեւէ ազգի եւ որեւէ կրօնի մէջ խաղաղութեան ու մարդկային կեանքի եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան»։
Չինացիներուն Լուսնի նոր տարին
Նորին Սրբութիւնը ապա Չինացիներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ յիշեց Չինական լուսնի նոր տարին, համայն չինացի ընտանիքներուն մաղթելով բարի տարեսկիզբ անոնց յղելով նաեւ իր օրհնութիւնները ու անոնց վրայ հայցելով Տիրոջ խաղաղութեան, անդորրութեան ու առողջութեան բարիքները։
Մօտիկ ըլլայ բազմաթիւ մանուկներուն
Իսկ արաբախօս ուխտաւորներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց զանոնք դիմելու Սուրբ Յովսէփին «որ Յիսուսը սիրեց հայրական սիրով», որպէսզի «մօտիկ ըլլայ բազմաթիւ մանուկներուն, որոնք ընտանիք չունին եւ շատ կը փափաքին հայր մը ու մայր մը ունենալ», յարեց Սրբազան Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
