Օգնեցէ՛ք երիտասարդներուն երազել աւելի եղբայրական ապագայ մը․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 10 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Congrès Mission» միսիոներական ընկերութեան ղեկավարներուն։
«Congrès Mission»ի նախաձեռնութիւնը ծնած է Ֆրանսա տասը տարիներ առաջ, նպատակ ունենալով հաւատքն առաջարկել այսօրեայ հասարակութեան։
Այս առիթով Սրբազան Պապը անոնց ուղղած իր պատգամը կեդրոնացուց քրիստոնէական կեանքէն ներս յոյսի եւ առաքելութեան կարեւորութեան վրայ՝ ի տես 2025 թուականի Նոյեմբերին Ընկերութեան՝ Պերսիի մէջ տեղի ունենալիք մեծ հաւաքին եւ յատկապէս այս Յոբելենական Սուրբ Տարուայ կապակցութեամբ, որու ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս քաջալերեց զանոնք դառնալ «յոյսի ուխտաւորներ», վկաներ ուրախութեան։
Ուրախութիւն, որ «անբաժանելի է յոյսէն եւ անբաժանելի է միսիոներութենէն» եւ կը բխի Քրիստոսի հետ հանդիպումէն՝ «կողմնորոշելով մեզ դէպի մեր եղբայրները»:
Յոյսը յաճախ փորձութեան կ’ենթարկուի
Յոյս, որ ըստ Քահանայապետի յաճախ փորձութեան կ’ենթարկուի․ «Մեր աշխարհը նշանաւորուած է պատերազմներով ու բազմաթիւ անարդարութիւններով (…)։ Այս ամէնը շատ անգամ կ’առաջացնէ կասկած, վախ ապագայի նկատմամբ եւ երբեմն յուսահատութիւն: Բայց մենք՝ քրիստոնեաներս, մէկ վստահութիւն ունինք այն է որ՝ Քրիստոս մեր յոյսն է: Ան յոյսի դուռն է միշտ: (…) Նուէր մըն է, որ պէտք է բաժնել, լոյս է, որ պէտք է փոխանցել», յարեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը յորդորելով չվախենալ պատասխանելու միսիոներ ըլլալու կոչումին։
Միսիոներութիւնը Աւետարանի վրայ արմատացած կենդանի խօսք բերելու հնարաւորութիւն է
Միսիոներութիւնը Աւետարանը առօրեայ կեանքի մէջ հռչակել է, Աւետարանի վրայ արմատացած կենդանի խօսք բերելու հնարաւորութիւն է, որ կարող է մխիթարել եւ բանալ նոր ուղիներ եւ կը պահանջէ քաջութիւն՝ դուրս ելլելու յարմարաւէտութեան գօտիէն, թոյլ տալով առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն, որ կը մղէ մեզ դէպի ստեղծարարութիւն, դէպի դրական անկարգութիւն, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը եւ ասկէ մեկնելով մէջբերեց Երանելի Հայր Շեւրիէի խօսքերը. «սիրով անկարգութիւն աւելի լաւ է, քան առանց սիրոյ կարգ ու կանոնը» (Le véritable disiple, Sion 2010, 223):
Երիտասարդները՝ յոյսի առաջին ուխտաւորներ
Սրբազան Քահանայապետի անդրադարձ կատարեց նաեւ երիտասարդներուն ներգրաւելու կարեւորութեան, որոնք «յոյսի առաջին ուխտաւորներն են», եւ քաջալերեց խթանել երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ հանդիպումները․ «Օգնեցէք երիտասարդներուն որպէսզի աճին հաւատքով, համարձակ ըլլան, կատարեն խիզախ ընտրութիւններ եւ դառնան Յիսուսի միսիոներ աշակերտները, Աւետարանի կենդանի վկաները» եւ երազել աւելի եղբայրական ապագայ մը, հաստատեց Ան։
Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն աշխուժութեան եւ ոգեւորութեան համար, միսիոներական եղբայրութեան համար, որ համբերութեամբ եւ հաւատքով կը հիւսեն ողջ Ֆրանսայի մէջ եւ, ի վերջոյ, յորդորեց երբեք չկորսնցնել հաղորդութիւնը իրարու մէջ եւ պատրաստուիլ առաջիկայ նոյեմբերին կայանալիք հաւաքին՝ մաղթելով, որպէսզի ան ուրախութիւն, դարձ եւ նորացում բերէ Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
