Որոնել

2025.01.10 Delegazione dellâ  Organismo di Gestione dellâ  Insegnamento Cattolico (OGEC), in Francia

Քահանայապետը ընդունեց «Écoles de Vie(s)» ծրագրին ձեռնարկողները. «Իւրաքանչիւր մարդկային կեանք` ունի անքակտելի արժանապատուութիւն»

Սրբազան Պապը յատուկ ուշադրութիւն յատկացուց երիտասարդներուն, որոնք հակառակ իրենց սահմանափակումներուն ունին մեծ ներուժ մը։ Հարկ է առ այդ ստեղծել տարածքներ որոնց մէջ անոնք իրենք զիրենք զգան մաս ընկերութեան եւ «ձեր յանձնառումը անոնց թոյլ կու տայ վերաբացայայտել որ իրենց կեանքը իմաստ ունի եւ որ իրենք եզակի դեր մը ունին խաղալիք ընկերութեան մէջ» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 10 Յունուար 2025ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց «Écoles de Vie(s)» ծրագրին ձեռնարկողները եւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ընդգծեց անոնց գործունէութեան կարեւորութիւնը` ի նպաստ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան։

«Իւրաքանչիւր մարդկային կեանք` ունի անքակտելի արժանապատուութիւն»

«Ձեր ծրագիրը, ըսաւ Սրբազան Պապը, հիմնուած է Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան վրայ եւ ի յայտ կը դնէ հիմնական այն ճշմարտութիւնը, թէ իւրաքանչիւր անձ անկախ դիւրաբեկութենէն, կը կրէ ներքին արժէք մը, և մենք կոչուած ենք «ճանչելու իւրաքանչիւր անհատ որպէս եզակի և անփոխարինելի անձ» (Fratelli tutti, 98): Իւրաքանչիւր մարդկային կեանք` ունի անքակտելի արժանապատուութիւն»։

Դէպի դուրս Եկեղեցի

Քահանայապետը ապա մէջբերեց Յիսուսին օրինակը, որ միշտ մօտիկ եղաւ հիւանդներուն ու բացառուածներուն, փոխելով անոնց փորձառութիւնները Աստուծոյ հետ նոր յարաբերութեան մը միջոցաւ եւ ասկէ մեկնելով ««Écoles de Vie(s)» ծրագիրը համեմատեց իր փափաքած «դէպի դուրս Եկեղեցւոյ» մը, որ «բաց է, հիւրընկալ ու կարող մօտիկ ըլլալ իւրաքանչիւրին, խնամք տանող տառապողի վէրքերուն ու քնքշութիւնը փոխանցող անոր որ զուրկ է սէրէն ապա ոտքի կը հանէ ան որ ինկած է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս հաստատելով որ մարդ մարդուն վերէն վար կրնայ նայիլ միայն մէկ պարագային եւ այդ երբ անոր ձեռք կ՛երկարէ ոտքի կանգնեցնելու զինքը։

Երիտասարդներուն եզակի դերը

Քահանայապետը ապա յատուկ ուշադրութիւն յատկացուց երիտասարդներուն, որոնք հակառակ իրենց սահմանափակումներուն ունին մեծ ներուժ մը։ «Հարկ է առ այդ ստեղծել տարածքներ` որոնց մէջ անոնք իրենք զիրենք զգան մաս ընկերութեան եւ «ձեր յանձնառումը անոնց թոյլ կու տայ վերաբացայայտել, որ իրենց կեանքը իմաստ ունի եւ իրենք եզակի դեր մը ունին խաղալիք ընկերութեան մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնելով, որ վերոնշեալ  ծրագիրը համապատասխանեց  «Համաշխարհային կրթական պայմանագիրին», որ «կը խթանէ համապարփակ կրթութիւն, եւ ուղղուած է ոչ միայն գիտելիքի փոխանցման այլեւ կարեկցանքի և եղբայրական սիրոյ ընդունակ մեծահասակներու կազմաւորման:

Գործել ի սպաս մարդ անհատի կեդրոնականութեան

Քահանայապետը առ այդ խրախուսեց ներկաները Յոբելենական այս տարուան առիթով, գործելու որպէսզի վերարծարծուի մարդ անհատի կեդրոնականութիւնը, սատարելով կառուցել աւելի արդար եւ զօրակից ընկերութիւն։ Ան ապա խօսքը աւարտեց ներկաներուն վրայ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ապա օրհնեց զանոնք ու բոլոր անոնք` որոնք թիկունք կանգնին ծրագրին, սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2025, 11:20