Յոյսի Դիւանագիտութեան ի սպաս կոչ. Քահանայապետին աւանդական ճառը դեսպաններուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 9 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն տարեսկիզբի աւանդութեան, Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները, անոնց ուղղելով իր պատգամը, որուն առանցքը կազմեց Յոյսը եւ Յոյսի դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը` ի տես նաեւ 2025-ի «Յոյսի Ուխտաւորներ» բնաբանով Յոբելենական Սուրբ Տարուան։
Ընտանեկան հանդիպում
Նորին Սրբութիւնը ճառը սկսաւ նշելով, որ այս հանդիպումը կ՛ուզէ ըլլալ նախ եւ առաջ «ընտանեկան» հանդիպում, ուր ժողովուրդներու ընտանիքը համախմբուած է փոխանակելու եղբայրական մաղթանքներ, «իրենց ետին թողելով վէճերը, որոնք բաժանում կը ստեղծեն և բացայայտելով այն բաները որոնք կը միացնեն»։
Վերագտնել Յոյսը
Սրբազան Պապը առ այդ ակնարկեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ապրած Յոբելենական Սուրբ տարուան, որուն առթիւ հարկ է «կանգ առնել» ու «համախմբուիլ էականին շուրջ»... «մենք մեզ վերագտնել Աստուծոյ զաւակներ ու Անոր մէջ իրար եղբայրներ, ներել վիրաւորանքները, աջակցիլ խոցելիներուն և աղքատներուն, թոյլ տալ` որ երկիրը հանգստանայ, ի գործ դնել արդարութիւնը եւ վերագտնել յոյսը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «ասոր կանչուած են բոլոր անոնք` որոնք կը ծառայեն հասարակաց բարիքին եւ բարեսիրութեան վեհ ձեւ մը կ՛ապրին` որ է քաղաքականութիւնը»։
Նորին Սրբութիւնը առ այդ յայտնեց, թէ ճառին ընթերցումը պիտի շարունակէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան ենթաքարտուղար գերապայծառ Չամփանելլին տրուած ըլլալով, որ հարբուխի պատճառաւ ինք կարող չէ երկար խօսիլ։
Կապեր, յարաբերութիւններ, առաքելական ճամբորդութիւններ
Շնորհակալութիւն յայտնելով դիւանագիտական մարմնի Աւագերէց` Կիպրոսի Դեսպան` Ժորժ Փուլիտէսին, յանուն դեսպաններուն իրեն ուղղած խօսքին համար, Քահանայապետը գնահատեց նաեւ Սուրբ Աթոռի հետ դեսպաններուն ներկայացուցած ժողովուրդներուն ու կառավարութիւններուն ունեցած ջերմ յարաբերութիւնները, ակնարկելով 2024ին իրեն ունեցած պետական հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ ստորագրուած միջպետական որոշ համաձայնութիւններուն եւ անցեալ տարի կատարած իր առաքելական ճամբորդութիւններուն, որոնք նշեց Ան «առիթ էին հանդիպելու եւ երկխօսելու ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ կրօնական տարբեր փորձառութիւններու հետ ու տանելու մխիթարութեան եւ քաջալերանքի խօսք մը յատկապէս աւելիով դիւրաբեկ անձերուն»։
Շնորհակալութիւն Իտալիոյ
Ան ապա ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Իտալական իշխանութիւններուն` անոնց յանձնառումին համար, Հռոմ քաղաքին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, ի պատրաստութիւն Յոբելեանին։
Հակամարտութիւն, բռնութիւն ու «կեղծ լուրերու» տարածում
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յղում կատարեց Եսայի Մարգարէի խօսքերուն. Քրիստոս եկաւ «Աւետարանը քարոզելու աղքատներուն, ազատութիւն աւետելու բանտարկեալներուն, աչքի լոյս կոյրերուն, հարստահարուածներուն ազատութիւն, եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին» (Եսայի 61,1-2ա) եւ ասկէ մեկնելով նշեց, թէ այս տարին սկսաւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ հակամարտութիւններով եւ սարսափելի ահաբեկչական գործողութիւններով, ինչպէս նաեւ «կեղծ լուերու» տարածումով` որոնք «ոչ միայն իրականութիւնը կը խեղաթիւրեն, այլ կը խեղաթիւրեն նաեւ խղճերը»։
Յոբելեանը առիթ վերատեսելու յարաբերութիւնները
«Անապահովութեան այս մթնոլորտը կը մղէ կերտելու նոր պատեր ու գծելու նոր սահմաններ մինչ այլ բաժանումներ կը մնան տակաւին ոտքի, ինչպէս Կիպրոսի պարագային, որ յիսուն տարիներէ ի վեր բաժնուած է....այսպիսով գոյութիւն չունի աշխարհը այլ «իմ աշխարհս», մինչեւ այն աստիճան, որ շատերը այլեւս չեն նկատուած, որպէս մարդ արարածներ իրենց արժանապատւութեամբ, այլ պարզապէս «անոնք», յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը յոյս յայտնելով` որ Յոբելեանը կարողանայ բոլորին ներկայացնել առիթ` վերատեսելու համար մեզ կապող յարաբերութիւնները... յաղթահարելով բախումի տրամաբանութիւնը եւ անոր տեղ ողջագուրելու հանդիպումի տրամաբանութիւնը, «որպէսզի մեր առջեւ կայացած ժամանակը մեզ չգտնէ յուսալքուած պանդուխտներ, այլ յոյսի ուխտաւորներ, այսինքն ուղեւորութեան մէջ անհատներ եւ հասարակութիւններ, որոնք յանձնառու ենք կառուցելու խաղաղ ապագայ մը» նշեց Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց միշտ «աւելիով շօշափելի համաշխարհային պատերազմի մը վտանգին, որուն դիմաց դիւանագիտութեան կոչումն է խթանել բոլորին հետ երկխօսութիւնը», յարեց Ան ու խօսքը կեդրոնացուց` որպէս դեսպաններ «Յոյսի դիւանագիտութիւն» վարելու կարեւորութեան վրայ, եւ Եսայի մարգարէի խօսքերէն մեկնելով ներկայացուց ղեկավարներու պատասխանատուութիւններուն հայող առաջարկներ։
Աւետարանը քարոզել թշուառներուն
«Շատ են, նշեց Քահանայապետը, մեր ժամանակներուն թշուառութիւնները մատնանշելով, ըլլայ հոգեւոր, ըլլայ նիւթական դժբախտութիւններուն, ուր մարդկութիւնը կը փորձարկէ զարգացում, յառաջընթաց ու հարստութիւն բայց նաեւ կ՛ապրի առանձնութիւն ու մոլորում, եւ կարիքը ունի ընկալելու բարի լուր մը, զոր քրիստոնէական հեռանկարով մեզի տրուեցաւ Սուրբ Ծննդեան գիշերը եւ որուն հետեւանքով իւրաքանչիւր անձ, նոյնիսկ ոչ հաւատացեալը, կարող է պատգամաւորը դառնալ յոյսի եւ ճշմարտութեան աւետիսի մը։
Ճշմարտութեան ծարաւը
Քահանայապետը առ այդ շեշտը դրաւ մարդուս ճշմարտութեան ծարաւին վրայ այս ծիրէն ներս ներկայացնելով հաղորդակցութեան միջոցներու եւ արհեստական բանականութեան օգտագործումի դրական ու ժխտական մասերը, որոնք կարող են օգտակար ըլլալ եթէ կ՛օգտագործուին լաւապէս բայց ունին նաեւ սահմանափակումներ եւ կը ներկայացնեն որոշ վտանգներ եթէ անոնց օգտագործումը չի ծառայէ հասարակաց բարիքին այլ անհատական ու անձնական շահերու կամ նպատակներու համար։
Ճշմարտութեան դիւանագիտութիւն
«Յոյսի դիւանագիտութիւն մը պէտք է ըլլայ նախ եւ առաջ ճշմարտութեան դիւանագիտութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ «այնտեղ ուր իրականութեան, ճշմարտութեան ու ճանաչողութեան միջեւ կապը կը խզուի մարդկութիւնը այլեւս կարող չէ իրար հետ խօսիլ ու զիրար հասկնալ, որովհետեւ կը պակսին միասնական լեզուի մը հիմքերը»։
Պաշտպանել կեանքը սաղմէն մինչեւ բնական մահ
«Հաղորդակցութիւնը, երկխօսութիւնը եւ հասարակաց բարիքին ի սպաս յանձնառումը կը պահանջեն բարի կամք եւ միասնական լեզու մը եւ այս մէկը յատուկ կերպով կարեւոր է դիւանագիտական շրջագիծէն ներս» յարեց Քահանայապետը, դատապարտելով «գաղափարախօսական գաղութատիրութիւնը» ինչպէս նաեւ «վիժումի իրաւունքը», որ հակառակ է կեանքի իրաւունքին եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, թէ կեանքը պէտք է միշտ ալ պաշտպանուի սաղմէն մինչեւ բնական մահ։
Վերագտնել «Հելսինքիի» պայմանագիրի ոգին
Նորին Սրբութիւնը հրատապ նկատեց ապա վերագտնել «Հելսինքիի» պայմանագիրին ոգին, որուն միջոցաւ ազգերն ու Պետութիւնները, որոնք «թշնամի» կը նկատէին զիրար, կարողացան հանդիպումի վայր մը ստեղծել եւ երկխօսութիւնը օգտագործել` որպէս հակամարտութիւնները լուծելու միջոց, դիտել տալով նաեւ, թէ «բազմակողմանի միջազգային հաստատութիւնները` որոնք ծնունդ առած էին համաշխարհային Բ պատերազմէն ետքը այլեւս կարող չեն խաղաղութիւն ու կայունութիւն երաշխաւորել եւ կարող չեն նաեւ պայքարելու անօթութեան դէմ ու համապատասխանելու ԻԱ. Դարու մարտահրաւէրներուն, ուստի «անոնցմէ շատերը կարիքը ունին բարեփոխումներու»։
Անօթութեան դէմ պայքարի «համաշխարհային հիմնադրամ»
«Յոյսի դիւանագիտութիւն մը է նաեւ ներումի դիւանագիտութիւն» յարեց ապա Սրբազան Պապը, յոյս յայտնելով, որ 2025-ին համայն միջազգային հասարակութիւնը աշխատի վերջ դնելու համար երեք տարիներէ ի վեր Ուքրանիան յուզող պատերազմին, Իսրայէլ-պաղեստինեան հարցին, անգամ մը եւս շեշտելով, որ «պատերազմը միշտ ալ ձախողութիւն է» ու թէ ան հրահրուած է կործանարար ու բարդ զէնքերու շարունակական տարածմամբ, որուն առնչութեամբ նորոգեց կոչը` որպէսզի «այդ զէնքերուն տրամադրուած գումարները յատկացուին ստեղծելու համար «Համաշխարհային Հիմնադրամ» մը վերացնելու համար անօթութիւնը ու ի նպաստ աղքատ Երկիրներու զարգացումին, այնպէս որ այդ Երկիրներուն բնակիչները չի ստիպուին լքելու իրենց օրրանը, այլուր որոնելու համար աւելի արժանապատիւ կեանք մը», նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը. անհանդուրժելի նկատելով նաեւ պատերազմի մէջ մանուկներուն ու քաղաքացիներուն ներգրաւումը, ինչպէս նաեւ ենթակառոյցներուն կործանումը, ապա հարկաւոր նկատեց որոշ արժէքներու վերաբացայայտումը, այնպէս որ «մարդուն անձեռնմխելի իրաւունքները չի զոհաբերուին պատերազմի անհրաժեշտութիւններու զոհասեղանին վրայ»։
Կառուցել իրապէս խաղաղ ընկերութիւններ
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա Ափրիկեան ցամաքամասի մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւններու եւ աղէտներու մասին ապա կոչ ուղղեց «կառուցելու իրապէս խաղաղ ընկերութիւններ» մտաբերելով հուսկ Միանմարը, Հայիթին, Վենեզուելլան. Պոլիվիան, Նիքարակուան ապա հաստատելով թէ «չկայ իսկական խաղաղութիւն եթէ չի յարգուի նաեւ կրօնական ազատութիւնը»։
Յարգել կրօնական ազատութիւնը
Սրբազան Պապը դատապարտեց հակասեմականութիւնը ու քրիստոնեայ տարբեր հասարակութիւններու դէմ գործադրուած հալածանքները` Ափրիկէի եւ Ասիայի մէջ; ապա նշեց; որ երբ կրօնական ազատութիւնը յարգուած է մարդ անհատի արժանապատուութիւնը եւս յարգուած է իր արմատներով»։
Քրիստոնեաները լիիրաւ քաղաքացիներ
Քրիստոնեաները կարող են ու կը փափաքին գործնական կերպով սատարել այն ընկերութիւններու կերտումին, որոնց մէջ կ՜ապրին, որովհետեւ անոնք լիիրաւ իրաւունքով քաղաքացիներ են, «յատկապէս այն երկիներուն մէջ ուր կ՜ապրին վաղուց ի վեր», նշեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Սուրիոյ ու մաղթելով` որ տարիներու պատերազմներէն ետքը ան գտնէ կայունութիւն եւ դառնայ համակեցութեան վայր, ուր բոլոր սուրիացիները, ներառեալ քրիստոնեաները, իրենց զիրենք զգան լիիրաւ քաղաքացիներ ու մասնակցին այդ երկրի հասարակաց բարիքի կերտումին.
Քահանայապետը յիշեց նաեւ Լիբանանը անոր համար եւս մաղթելով «պետական կայունութիւն», որպէսզի «Մայրիներու Երկրի դէմքը չ՛այլակերպուի բաժանումի պատճառաւ, այլ ցոլայ «միասին ապրելու» իրականութիւնը ու Լիբանանը մնայ միշտ համակեցութեան ու խաղաղութեան պատգամ Երկիր»։
Հռչակել ստրուկներու ազատութիւնը
Սրբազան Պապը նկատել տուաւ թէ քրիստոնէութեան երկու հազար տարիներ սատարեցին վերացնելու համար ստրկութիւնը, բայց եւ այնպէս այսօր եւս կան ստրկութեան տարբեր ձեւեր, որոնց շարքին աշխատանքային ասպարէզէն ներս ստրկութիւնը, թմրամոլութեան ստրկութիւնը, մարդավաճառութիւնը...եւայլն եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, թէ «Յոյսի դիւանագիտութիւնը մը է նաեւ ազատութեան դիւանագիտութիւն, որ կը պահանջէ միջազգային հասարակութեան բաժնեկցուած յանձնառում», վերացնելու համար նաեւ գաղթականութեան պատճառները, որոնք միշտ պէտք է նկատուին անհատներ զոր պէտք է ընկալել, պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»։
Հռչակել բանտարկեալներուն ազատութիւնը
«Յոյսի դիւանագիտութիւնը ի վերջոյ է նաեւ արդարութեան դիւանագիտութիւն» յարեց Սրբազան Պապը, «առանց որուն կարելի չէ որ խաղաղութիւնը գոյութիւն ունենայ» աւելցուց Ան, «Յոբելենական տարին նկատելով պատեհ առիթ», իրագործելու արդարութիւնը եւ թողելու պարտքերը ու վերատեսելու բանտարկեալներուն պատիժները...այս առնչութեամբ նորոգելով կոչը «որպէսի բոլոր Պետութիւնները վերացնեն մահապատիժը»։
Դիմագրաւել բնապահպանական տագնապը
Երկարաշունչ ճառին աւարտին ԱՆ ակնարկեց նաեւ Կլիմայական փոփոխութիւններուն եւ բնապահպանական տագնապներուն, դիտել տալով որ պարտականութիւն ունինք ամէն ջանք կատարելու ի նպաստ հասարակաց տան խնամքին, այս ուղղութեամբ մաղթելով, որ ի գործ դրուին COP 29 որոշումները կլիմայական հարցին ի նպաստ ֆինանսական աւելի մեծ միջոցներ տրամադրելու։
Նուագեցնել աղքատ երկիրներուն պարտքերը
Սրբազան Պապը հուսկ նորոգեց իր հրաւէրը ուղղուած հարուստ երկիրներուն, որպէսզի աղքատ երկիրներուն պարտքերը ջնջուին, կամ նուազին երաշխաւորելու համար մարդկային համապարփակ զարգացում մը, այս ծիրէն ներս ապահովեցնելով Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը։
2025-ը Շնորհքի տարի
Ան ապա խօսքը աւարտեց մաղթելով` որ 2025-ին ըլլայ իսկապէս շնորհքի տարի, հարուստ ճշմարտութեամբ, ներումով, ազատութեամբ, արդարութեամբ ու խաղաղութեամբ» բոլոր ներկաներուն, անոնց ընտանիքներուն, անոնց ներկայացուցած կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն մաղթելով` որ «յոյսը ծաղկի սրտերուն մէջ ու մեր այս ժամանակը գտնէ այնքան ցանկացած խաղաղութիւնը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
