2025.01.30 Dom Prosper Guéranger, servo di Dio e primo abate dell'abbazia di Saint-Pierre di Solesmes

Հայր Կերանժեն միայն մէկ բան կ’ուզէր՝օգնել բոլոր մարդիկը Աստուած փնտռելու․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր պատգամ յղած է «Սոլեսմես» միաբանութեան հիմնադիր Հայր Փրոսփեր Կերանժեi մահուան 150ամեակի կապակցութեամբ, ուր Իր երախտագիտութիւն կ’արտայայտէ Եկեղեցւոյ կեանքի վրայ Հայր Կերանժեի ազդեցութեան համար՝ ընդգծելով անոր շնորհապարգեւի երկու արտայայտութիւնները՝ հաւատարմութիւնը Սուրբ Աթոռին եւ Պետրոսի իրաւայաջորդին՝ ի մասնաւորի ծիսական ոլորտէն ներս, եւ հոգեւոր հայրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Այսօր՝ 30 Յունուարին, Սրբազան Քահանայապետը գրաւոր պատգամ յղած է Ֆրանսայի «Սեն Փիեր տե Սոլեսմես» միաբանութեան հիմնադիր Պենետիկտեան Հայր Փրոսփեր Կերանժեի մահուան 150ամեակի կապակցութեամբ։

Պատգամին սկիզբը Պապը իր «քաջալերանքն ու ջերմ մօտիկութիւնը» կը յայտնէ «անոնց, որոնք Եկեղեցւոյ այս ծառայի հետքերով իրենց կեանքը նուիրաբերած են, կամ որոնք կ’աշխատին անոր կեանքն ու գործը ճանաչելի դարձնելու համար:

Հայր Կերանժեի շնորհապարգեւի արտայայտութիւնները

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  կ'ընդգծէ ապա Հայր Կերանժեի՝ ողջ Եկեղեցւոյ շենացման համար շնորհապարգեւի արտայայտութիւնները Իր նախորդներու խօսքերով՝ ջերմեռանդ բարեպաշտութիւնը Յիսուսի Սուրբ Սրտի եւ Տիրամօր նկատմամբ, նուիրումը ծէսին եւ հոգեւորութեան եւ ներդրումը Անարատ Յղութեան եւ պապական անսխալականութեան վարդապետութեան սահմանումին մէջ, գրուածքները՝ ի պաշտպանութիւն Եկեղեցւոյ ազատութեան ։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը իր հերթին կ’առանձնացնէ անոր շնորհապարգեւի երկու կողմերը, որոնք, գրած է Ան, կը համապատասխանեն Եկեղեցւոյ արդի երկու կարիքներուն՝ հաւատարմութիւն Սուրբ Աթոռին եւ Պետրոսի իրաւայաջորդին՝ ի մասնաւորի ծիսական ոլորտէն ներս,  եւ հոգեւոր հայրութիւն։

Կերանժեն ծիսական շարժումի առաջին արհեստաւորներէն

Կերանժեն ծիսական շարժումի առաջին արհեստաւորներէն է, որ նպաստած է ծէսի վերաբացայայտմանը որպէս Եկեղեցւոյ հաւատքի արտայայտում, շարունակած է Սրբազան Հայրը իր գրաւոր պատգամին մէջ եւ նկատել տուած, որ այդ վերաբացայայտումները ներշնչած են անոր հրապարակումները ի նպաստ Ֆրանսայի թեմերու միասնաբար հռոմէական ծէսի վերադարձի։

Եւ որպէսզի ծիսական գեղեցկութիւնները եւ հարստութիւնները հասանելի ըլլան բոլորին, Հայր Կերանժեն գրած է իր «Ծիսական տարի» աշխատութիւնը, որու նախաբանի մէջ կը կարդանք  «Եկեղեցւոյ աղօթքը ամենահաճելին է Աստուծոյ ականջին ու սրտին,, հետեւաբար՝ ամենազօրեղը։ Երանի անոր, որ կ’աղօթէ Եկեղեցւոյ հետ»։

Թող որ Հայր Կերանժեի գործը շարունակէ սրբութեան պտուղներ տալ

Նորին Սրբութիւնը կ’անդրադառնայ այնուհետեւ Հայր Կերանժեի շնորհապարգեւի միւս արտայայտութեան՝ հոգեւոր հայրութեան։ Բարձր գնահատելով բոլոր մարդկանց՝ վանականներէն մինչեւ աշխարհականներ, հոգեպէս ուղեկցելու անոր կարողութիւնը, Պապը գրած է, որ Հայր Կերանժեն միայն մէկ բան կ’ուզէր՝ օգնել անոնց Աստուած որոնելու, միաժամանակ շեշտելով, որ անոր քաղցրութիւնն ու Աստուծոյ նկատմամբ վստահութիւնը յուզած են բազմաթիւ սրտեր։

Ֆրանչիսկոս իր պատգամը կ’եզրափակէ աղօթելով, որպէսզի Հայր Կերանժեի գործը շարունակէ սրբութեան պտուղներ տալ ողջ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ մնալ կենդանի վկայութիւն վանական կեանքի պտղաբերութեան՝ Եկեղեցու սրտի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2025, 12:24