2025.01.16 Comunità del Collegio Sacerdotale Argentino di Roma

Քահանայութիւնը Աստուծոյ ծրագիր է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Արժանթինի Քահանայական Վարժարանի անդամներուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 16 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Արժանթինի Քահանայական Վարժարանի անդամներուն հետ եւ անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Քահանայական ինքնութեան` օրինակ ներկայացնելով «cura Brochero»ն Աժանաթինցի առաքեալ քահանան, զոր ինք սուրբ հռչակեց 2016ին եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ Քահանայութիւնը «յաւելուած չէ, այլ Աստուծոյ ծրագիր իւրաքանչիւր քահանայի կեանքի համար՝ դրսևորելով Անոր սէրը»։

Պրոքերոն իր կոչումը կ՛արտայայտէր իր անձի ամբողջական նուիրումով ի նպաստ մերձաւորին ու իր յանձնառումով պայքարելու հոգեւոր թշնամանքներուն դէմ, միշտ հեզութեամբ կենդանի պահելով ներքին հոգեւոր կեանքը։

Սրբազան Պապը ընդգծեց ապա «քահանայական եղբայրութեան կարեւորութիւնը» որ կ՛արտայայտուի քահանաներու ու եպիսկոպոսին միջեւ, որուն համար հարկաւոր է նաեւ յաճախակի խոստովանանքի մը ապրումը։

Ի վերջոյ Քահանայապետը ի յայտ դրաւ Սուրբ Հաղորդութեան արժէքի կարեւորութիւնը յիշեցնելով թէ ինչպէս Սուրբ Պրոքերոն երբեք զանց չէր ընէր այս մէկը, հակառակ հազար ու մէկ զբաղումներուն, որովհետեւ լաւապէս հասկցած էր քահանայական կեանքին մէջ Սուրբ Հաղորդութեան կեդրոնականութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց ներկաներէն խնդրելով աղօթելու իրենց համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2025, 12:57