Որոնել

2021.04.23 Papa Francesco, primo piano

Ֆրանչիսկոս Պապի ինքնակենսագրականը՝ ինչպէս դիմակայել մարտահրաւէրները եւ գտնել ուրախութիւն եւ յոյս

Ի տես երեքշաբթի՝ 14 Յունուարին, Սրբազան Քահանայապետի՝ «Spera» ինքնակենսագրականի լոյս ընծայման, իտալական չորս թերթեր՝ «La Stampa», «Avvenire», «Il Messaggero» եւ «Il Giorno» առաջարկած են որոշ մէջբերումներ գիրքէն։ Պատմական իրադարձութիւն՝ տրուած ըլլալով, որ առաջին Քահանայապետն է, որ ինքնակենսագրական կը գրէ։ Գիրքը խորհել կու տայ խոնարհութեան, սրամտութեան, արժանապատուութեան եւ կեանքի բարդութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապի անձնական փորձառութիւններու միջոցաւ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Իտալական «La Stampa», «Avvenire», «Il Messaggero» եւ «Il Giorno» թերթերը երեկ՝ 12 Յունուարին հրապարակած են քանի մը հատուածներ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի «Spera» խորագիրը կրող ինքնակենսագրականէն, որ Ան գրած է Քարլօ Մուսոյին հետ։ Գիրքը լոյ պիտի տեսնէ երեքշաբթի՝ 14 Յունուարին, աշխարհի հարիւրէն աւելի երկիրներու մէջ միաժամանակ։ Պատմական իրադարձութիւն՝ տրուած ըլլալով, որ առաջին Քահանայապետն է, որ ինքնակենսագրական կը գրէ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք իտալական վերոնշեալ չորս պրբերականներու կողմէ մէջբերումներէն ամփոփումներ:

Կեանքը խոնարհութիւն կը պահանջէ

Գիրքին մէջ, ինչպէս կը գրեն թերթերը, Ֆրանչիսկոս կ’անդրադառնայ իր պատանեկութեան նշանակալից իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս երկու ընկերներու պատմութեան, որոնք ողբերգական ճակատագիրներ ունեցած են՝ երկուքն ալ մարդասպանութիւն գործելով: Փորձառութիւններ, որոնք խորապէս ազդած են Եորկեի վրայ՝ ստիպելով անոր ըմբռնել կեանքի բարդութիւնը եւ խոնարհութեան անհրաժեշտութիւնը մարտահրաւէրները դիմակայելու մէջ։ Ուրիշներու հանդէպ խոնարհութեան եւ յարգանքի կարեւորութիւնը Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ նաեւ մէջբերելով Եորկե Լուիս Բորճեսին։

Սրամտութիւնը եւ ծիծաղը՝ կեանքի դժուարութիւնները դիմակայելու գործիքներ

Քահանայապետը կ’ընդգծէ սրամտութեան եւ ծիծաղի ուժը՝ որպէս կեանքի դժուարութիւններուն դիմակայելու գործիքներ։ Ան կը պատմէ, թէ ինչպէս իր ընտանիքը, չնայած դժուարութիւնները, միշտ գտած է ծիծաղելու եւ ուրախութիւնը վառ պահելու միջոց մը եւ նկատել կու տայ, որ հեգնանքը արժանապատուութեան ձեւ մըն է, եւ որ կարեւոր է թոյլ չտալ, որպէսզի մելամաղձութիւնը տիրէ մեզ․ «Կեանքն անխուսափելիօրէն ունի իր դառնութիւնը, որոնք յոյսի եւ դարձի իւրաքանչիւր ճամբորդութեան մաս կը կազմեն: Բայց պէտք ենք ամեն գնով խուսափիլ մելամաղձութեան մէջ թաւալուելէն: […] Ինքնահեգնանքը ինքնահիացումի գայթակղութիւնը յաղթահարելու հզօր գործիք է», կը գրէ Ան։

Արժէքներ եւ պարզութիւն

Ֆրանչիսկոս կը պատմէ իր արմատներու մասին՝ մեծցած է Արժանթինի իտալացի գաղթականներու ընտանիքի մէջ, ուր արժանապատուութիւնն ու ընտանեկան արժէքները հիմնարար եղած են։ Ան կը նկարագրէ իր մանկութեան տունը եւ ջերմ, հիւրընկալ մթնոլորտը,  ծնողներէն փոխանցած  արժէքները՝ արժանապատուութեան, ճշտապահութեան եւ յարգանքի կարեւորութիւնը։

Գաղթականներու ընտանիք

Եորկէ Պերկոլիոյի ընտանիքի պատմութեան մէջ ամէնէ վճռորոշ պահը կապուած է «Principessa Mafalda» նաւի խորտակման հետ։ Ողբերգական դէպք, որ դրոշմած է զինք․ Ֆրանչիսկոսի տատիկն ու պապիկը՝ Ռոզա եւ Ճովաննի Պերկոլիօ, եւ հայրը՝ Մարիօ, 11 Հոկտեմբեր 1927ին պէտք է Ճենովայէն Պուենոս Այրես մեկնէին այդ նաւով, բայց վերջին պահուն չկրնալով ժամանակին վաճառել ողջ ունեցուածքը փոխած են միտքը եւ հետաձգած իրենց մեկնումը Արժանթին, որ տեղի ունեցած է 1 Փետրուար 1929ին։ «Չեմ կարող ըսել ձեզ, թէ քանի անգամներ լսած եմ այդ նաւի պատմութիւնը, որ կը  կրէր Վիթթորիօ Էմանուէլ Գ թագաւորի դստեր՝ արքայադուստր Մաֆալտային անունը», գրած է Պապը՝ աւելցնելով, որ նախախնամութեան ուժով այստեղ է, որպէսզի պատմի իր պատմութիւնը: 

Եզրակացնելով նշենք, որ «Spera»ն խորհիլ կու տայ խոնարհութեան, սրամտութեան, արժանապատուութեան եւ կեանքի բարդութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապի անձնական փորձառութիւններու միջոցաւ՝ առաջարկելով բովանդակալից մտորումներ, թէ ինչպէս դիմակայել մարտահրաւէրները եւ գտնել ուրախութիւն եւ յոյս, նոյնիսկ դժուար ժամանակներու մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2025, 11:00