2025.01.12 Angelus

Քահանայապետին մօտիկութիւնը Լոս Անճելըսի բնակչութեան, աղօթքը նորածին մկրտեալներուն ու հրաւէրը աղօթելու խաղաղութեան համար

Ստբազան Պապը յիշեց նաեւ առաւօտեան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած Հայր Ճովաննի Մերլինիի երանացման արարողութիւնը- ակնարկելով նոր երանելիի` ժողովուրդին ի սպաս նուիրումին ու անոր խաղաղութեան պատգամաւորի յատկութեան, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները հայցելու անոր բարեխօսութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Չմոռնանք մեր մկրտութեան թուականը» այսպէս է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ 12 Յունուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակ համախմբուած հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքը, յղում կատարելով աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան, որուն մէջ հրաւիրած էր հաւատացեալները յիշելու այս թուականը ու զայն տօնախմբելու որպէս նոր տարեդարձ մը։

 Լոս Անճելըսի հրդեհները


Ան ապա իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Լոս Անճելըսի բնակչութեան ի տես աղէտալի հրդեհներուն, աղօթք ապահովեցնելով բոլորին։

Սիքստինեան մատրան մէջ մկրտութեան խորհուրդի մատակարարում

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ առաւօտեան Սիքստինեան մատրան մէջ Վատիկանի աշխատակիցներուն ու Զուիցերական պահակներու նորածին 21 մանուկներուն մատակարարած Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի արարողութեան, հրաւիրելով աղօթել անոնց ու անոնց ընտանիքներուն համար, ապա Տիրոջմէ հայցեց` որ բոլոր նորապսակ զոյգերը «ուրախութիւնն ունենան ընկալելու զաւակներուն պարգեւը ու զանոնք մկրտելու»։

Նոր Երանելի մը

Քահանայապետը առ այդ յիշեց առաւօտեան Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած Հայր Ճովաննի Մերլինիի երանացման արարողութիւնը, ակնարկելով նոր Երանելիի` ժողովուրդին ի սպաս նուիրումին ու անոր խաղաղութեան պատգամաւորի յատկութեան, ապա հրաւիրեց հաւատացեալները հայցելու անոր բարեխօսութիւնը` «մինչ կ՛աղօթենք Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի խաղաղութեան համար» ըսաւ Սրբազան Պապը ծափահարութիւններ խնդրելով նոր Երանելիին համար։

Խաղաղութեան համար աղօթքի խնդրանք

Ողջունելէ ետք հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց անգամ մը եւս աղօթք խնդրելով խաղաղութեան համար ու բոլորին մաղթելով բարի կիրակի, այս խնդրանքին միացնելով նաեւ իրեն համար աղօթքի աւանդական խնդրանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2025, 12:36