«Յիսուսը աւետումի տիպար» Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Եթէ մենք կ՛ուզենք մարզել առաքելական եռանդը, պէտք է միշտ մեր աչքին առջեւ ունենանք Ղուկաս Աւետարանիչի 15րդ գլուխը։ Այնտեղ կը բացայայտենք, որ Աստուած չի լքեր իր ոչխարներէն եւ ոչ մէկը։ Ան կը տառապի կորսուած ոչխարին համար, ու վտանգի տակ կը դնէ իր իսկ կեանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 Յունուար 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Շարունակելով անցեալ շաբաթ սկսած Աւետարանական կիրքի եւ հաւատացեալի առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Յիսուսին` որպէս աւետումի, հրչակումի տիպար, մեկնելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ հատուածէն. (Ղուկ. 15,4-7)

 «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկաԵւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։

Յիսուս` Բանն Աստուծոյ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Պապը, անցեալ չորեքշաբթի սկիզբ տուինք քրիստոնէականի նոր շարքի մը, նուիրուած Աւետարանական կիրքին եւ հաւատացեալի առաքելական եռանդին, որ պէտք է ոգեւորէ Եկեղեցին եւ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ։ Այսօր մեր հայեացքը կ՛ուղղենք հռչակումի գերագոյն տիպարին` Յիսուսին, զոր Սուրբ Յովհաննէս կը սահմանէ «Բանն Աստուծոյ»։

«Բանը, այսինքն Խօսքը, մեզի ցոյց կու տայ Յիսուսին մէկ էական կողմը` Ան միշտ յարաբերութեան մէջ է, դէպի դուրս է։ Խօսքը արդարեւ կը ծառայէ փոխանցելու եւ Աստուած հաղորդելու մարդոց ու նաեւ հաղորդութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աղօթքի կարեւորութիւնը` Աստուծոյ հետ մտերմութիւնը

«Արդարեւ Աւետարանին մէջ կը տեսնենք Յիսուսին խոր մտերմութիւնը Հօրը հետ աղօթքի մէջ, մեկուսի վայրերու մէջ։ Ան բոլոր կարեւոր որոշումներն ու ընտրանքները կը կատարէ աղօթելէն ետքը։ Եւ ճիշտ այդ աղօթքին մէջ ապրուած յարաբերութեան ու կապի մէջ է, որ Յիսուս կը վերագտնէ իր մարդեղութեան եւ աշխարհին մէջ գոյութեան իմաստը, որպէս մեզի համար նուիրուած առաքելութիւն», հաստատեց Քահանայապետը, ակնարկելով Յիսուսին առաջին հանրային արարքին, որ եղաւ Յորդանան գետին մէջ մկրտութիւնը Սուրբ Յովհաննէսի ձեռքով, որով մեզի ցոյց կու տայ իր աշխարհին մէջ գործունէութեան բանալին. Նուիրուիլ մեղաւորներուն, մեր հետ դառնալով զօրակից, կեանքի ամբողջական բաժնեկցութեան մէջ»։

«Կեանքը տալ ոչխարներուն համար»

«Ան իր առաքելութեան մասին խօսելով պիտի ըսէ. «չեմ եկած ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ կեանքս զոհելու (Մարկ. 10,45)։ Յիսուս Բարի Հովիւն է, զոր ինք նկարագրեց այսօրուայ առակին մէջ։ Ան իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։ Հովութիւնը լոկ աշխատանք մը չէ, հովութիւն ընելը կեանքի իսկական ապրելակերպ մըն էր. քսանչորս ժամ ապրելով հօտին հետ, մնալով անոնց կողքին ու պէտք եղած ժամանակ ուսերուն վրայ շալկելով աւելիով տկարները։ Յիսուս իր կեանքը կու տայ մեզի համար։ Անոր սիրտը իսկական հովուական սիրտ մըն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Նմանիլ ու գործել Յիսուսին նման

Ան ապա նկատել տուաւ, որ «Մէկ բառի մէջ ամփոփելու համար Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը մենք յաճախ կ՛օգտագործենք «հովուական» բառը, եւ մեր հովուական ընթացքը չափելու համար պէտք է մենք մեզ բաղդատենք տիպարի մը հետ` Յիսուս, Բարի Հովիւը» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով մտածել եթէ մենք նման ենք Անոր, եթէ Անոր հետ ունինք մտերիմ յարաբերութիւն։

«Եթէ մենք կ՛ուզենք մարզել առաքելական եռանդը, պէտք է միշտ մեր աչքին առջեւ ունենանք Ղուկաս Աւետարանիչի 15րդ գլուխը։ Այնտեղ կը բացայայտենք, որ Աստուած չի լքեր իր ոչխարներէն եւ ոչ մէկը։ Ան կը տառապի կորսուած ոչխարին համար, ու վտանգի տակ կը դնէ իր իսկ կեանքը։

Փնտռել կորսուած ոչխարը

Աստուած եւս կը տառապի երբ կը տեսնէ անձ մը, որ կը հեռանայ իր սրտէն, բայց այդ տառապանքին որպէս պատասխան Ան չի փակուիր ինքնիր մէջ այլ վտանգի կ՛ենթարկէ ինքզինք եւ ինիսունըինն թողելով կ՛երթայ արկածախնդրութեամբ փնտռելու կորսուածը...Ասիկա Աստուծոյ նախանձախնդրութիւնն է, եռանդն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով մեր կարգին ունենալու նոյն զգացումները, վկայելու մեզ սիրող Հայր մը ունենալու ուրախութիւնը։ Վկայութիւն, որ չի նշանակեր մարդորսորդութիւն, որպէսզի միւսները մեզի միանան, այլ սիրել, որպէսզի ըլլան Աստուծոյ ուրախ զաւակները։

Տառապող ու վտանգի ենթարկուող սէր

«Աղօթքին մէջ հայցենք հովուական սիրտ մը ունենալու շնորհքը, բաց սիրտ մը, որպէսզի բոլորին մօտիկ ըլլանք, որպէսզի տանինք Տիրոջ պատգամը։ Որովհետեւ մեր կեանքը առանց այդ տառապող եւ վտանգի տակ դրուող սիրոյ, դէպի յառաջ չ՜ընթանար։ Եթէ մենք քրիստոնեաներս չունենանք այդ սէրը, վտանգը կայ` որ մենք միայն մենք զմեզ հովուենք եւ փոխանակ հօտին հովիւները ըլլալու միայն մենք մեր հովիւները կը դառանք» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2023, 09:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >