@Pontifex «թուիթ»ի քահանայապետական էջը դարձաւ 10 տարեկան, աւելի քան 53 միլիոն հետեւորդներով։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
12 դեկտեմբեր՝ տասը տարի առաջ այսօրուան պէս, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը, 3 դեկտեմբեր 2012ին գրանցուած @Pontifex քահանայապետական թուիթրեան էջէն վրայ կատարեց առաջին գրառումը, որ այսօր համաշխարհային գետնի վրայ ամենէն շատ հետեւորդ ունեցող Թուիթերեան էջն մըն է իր 9 տարբեր լեզուներով եւ 53,5 միլիոն հետեւորդներով։
Անգլերէն, Սպաներէն, Ֆրանսերէն, Փորթուկալերէն, Գերմաներէն, Լեհերէն, Արաբերէն եւ Լատիներէն լեզուներով։
Վերջին տուեալներու համաձայն, Անգլերէն Եւ Սպաներէն լեզուներով @Pontifex կայքէջը ունի 19 միլիոն հետեւորդները, մինչ Փորթուկալերէնը 5 միլիոն։
Յունուար ամիսէն սկսեալ @Pontifex կայքէջի հետեւորդներու թիւը աճած է 800 000ով անցեալ տարուան համեմատութեամբ։
Վերջին տարուան ընթացքին ամենէն շատ ազդեցութեան ունեցած են Ֆրանչիսկոս Պապին Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ թուիթրեան կայքին վրայ յղած կոչերը, ինչպէս նաեւ պատերազմներով եւ բնական աղէտներով խոցուած վիրաւոր ժողովուրդներուն յղած կոչերը որոնց համար համար ֆրանչիսկոս Պապը թուիթրեան կայքի հետեւորդներէն խնդրեց, որ աղօթեն։
Լայնօրէն տարածուած եւ կիսուած են վերջին տարուան համաճարակի վերաբերեալ թուիթները։ Դժուար պահերուն ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը մեծապէս գնահատուած է նաեւ Թուիթրեան կայքին մէջ։
2020 տարուան ընթացքին, համաճարակի հետեւանքով, @Pontifex թուիթրին անդրադարձած են 27 միլիար անգամ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ