Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ խաղաղութիւնը կարելի է. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Այսօր` 18 նոյեմբերին «Լա Սթամփա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մէկ հարցազրոյցը օրաթերթի լրագրող Տոմենիքօ Ակասսոյի հետ, որուն մէջ անգամ մը եւս անդրադարձ կատարեց ապրուած «երրորդ համաշխարհային պատերազմին», որուն ետին, ըսաւ Սրբազան Պապը, «կայ իշխանութեան ցանկութիւն և զէնքի առևտուրը», այս ծիրէն ներս անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ «զինավաճառութեան մէկ տարուայ ծախսը կարող է աշխարհի անօթութիւնը վերացնել»։
Երեք համաշխարհային պատերազմներ
«Մենք, ըսաւ Քահանայապետը, մէկ դարու ընթացքին ունեցանք երեք համաշխարհային պատերազմներ ու տակաւին բան չսորվեցանք եւ մի գուցէ բաւարար է այցելել Անցիօ քաղաքի գերեզմանատունը ու մտածել այնտեղ թաղուած անձերու տարիքի մասին. «Ես գացի եւ ամերիկացի այդ քսան տարեկան պատանիներու շիրիմին առջեւ լացի», յարեց Ան, դարձեալ կրկնելով թէ այդ ողբերգութեան դիմաց մենք ոչ մի բան սորվեցանք։
Վատիկանի դիւանագիտութիւնը
Այն հարցումին, թէ ի՞նչ նորութիւններ կան Վատիկանի եւ Քրեմլինի միջեւ դիւանագիտական բանակցութիւններու մասին, Սրբազան Քահանայապետը, նշեց, թէ «Սուրբ Աթոռը ուշադիր է կացութեան զարգացումներուն», կրկնելով որ «Պետական Քարտուղարութիւնը շատ լաւ աշխատանք կը տանի այդ ուղղութեամբ, ամէն օր, եւ ան կը գնահատէ վարկած և արժէք տալ իւրաքանչիւր շողի, որ կարող ըլլայ յանգեցնել իրական զինադադարի և իրական բանակցութիւններու»։
«Մինչ այդ մենք յանձնառու ենք մարդասիրական օգնութիւն ապահովեցնելու մարտիրոս Ուքրանիոյ ժողովուրդին, որ իմ սրտիս մէջ կը կրեմ, անոր բոլոր տառապանքներուն հետ միասին» ըսաւ Քահանայապետը, ակնարկելով նաեւ այն յարաբերութիւններու ցանցին, որով ջանք կը դափուի կողմերը իրարու մօտեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ լուծումի մը։ «Միւս կողմէն Սուրբ Աթոռը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բանտարկեալներուն օգնելու համար», աւելցուց Սրբազան Պապը վերահաստատելով, որ Սուրբ Աթոռը պատրաստ է ամէն կարելին ընելու` միջնորդ հանդիսանալու, որպէսզի վերջ դրուի Ուքրանիոյ հակամարտութեան։
Խաղաղութիւնը կարելի է
Հարցումին եթէ ինք յոյս ունի, որ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ հաշտութիւն իրականացուի, Սրբազան Պապը հաստատեց. «Այո յոյս ունիմ։ Չի յանձնուինք։ Խաղաղութիւնը կարելի է։ Բայց հարկաւոր է, որ բոլորս ալ յանձնառու ըլլանք ապառազմականացնելու սրտերը, սկսեալ սեփական սրտէն, հուսկ զինաթափել բռնութիւնը։ Պէտք է, որ բոլորս խաղաղարարներ ըլլանք։ Ուզենք խաղաղութիւնը, ոչ միայն ժամանակաւոր զինադադար մը, որ գուցէ կը ծառայէ միայն դարձեալ զինուելու։ Իսկական խաղաղութիւնը, երկխօսութեան պտուղ է։ Անիկա ձեռք չի բերուիր զէնքերով, որովհետեւ անոնք չեն յաղթահարեր ատելութիւնը եւ իշխելու ծարաւը, որ այդպիսով կարող են դարձեալ յայտնաբերուիլ այլ ձեւերով»։
Իտալական քաղաքականութիւնը
Լրագրողը հուսկ հարցում ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին եւ Իտալիոյ Վարչապետ Ճորճա Մելոնիիի միջեւ յաջորդ օրերուն տեղի ունենալիք հանդիպումի մը մասին, որուն կապակցութեան Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ինք չուզեր միջամուխ ըլլալ Իտալիոյ քաղաքական հարցերուն, նոր օրինական կառավարութեան մաղթելով ամէն բարիք։
«Կառավարութիւնը բոլորին է եւ որպէս նպատակ ունի հասարակաց բարիքը, եւ որպէս միակ հորիզոն Իտալիոյ համար աւելի լաւ ապագայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով անցեալ կիրակի օր նշուած աղքատներու համաշխարհային օրուան եւ հրաւիրելով. «երբեք չմոռնալ վերջինները»։
Հօր ծննդավայր Ասդի այցելութիւնը
Հարցազրոյցի ընթացքին Սրբազան Պապը անդրադարձաւ նաեւ շաբաթավերջին իր հօր ծննդավայր Ասդի կատարելիք հովուական այցելութեան, ուր պիտի յիշատակէ իր զարմուհիին 90րդ տարեդարձը, իր ազգականներուն հետ միասին։
«Շատ ժամանակէ ի վեր կը փափաքէի մի քանի ժամեր անցնել իմ ազգականներուս հետ, իմ ընտանիքիս ծննդավայրին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ նախ քան Քահանայապետ դառնալը ինք յաճախ կ՛այցելէր այդ վայրերը, հանդիպելու համար իր հօր զարմիկներուն հետ։
«Մենք իրարու շատ կապուած են, ամենամեծ զարմուհիիս Քարլային հետ յաճախ հեռաձայնով կը զրուցենք։ Վաղը բոլորս միասին պիտի համախմբուինք միւս հինգ զարմիկներուն հետ եւ այս մէկը ինծի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ» ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա ակնարկեց իր մանկութեան օրերուն, մասնաւորապէս յիշելով իր մեծ մայրիկը Ռոզան, որ Արժանթինի մէջ իրենց տան մօտ կը բնակէր եւ որուն հովանիին տակ հասակ առաւ փոքրիկն Եորկէն։
Մանկութեան յիշատակներ
Այս առնչութեամբ Ան յիշեց «փիեմոնթէական» բարբառով սորված մէկ բանաստեղծութիւնը, որ կը խօսի մարդոց մասին, որոնք վախ չունին յոգնութենէն ու իրենց առօրեայ հացը կը փնտռեն նաեւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ։ «Ասիկա կը ներկայացնէ իմ մեծ մօր Ռոզային կեանքը, կայտառ տիկին մը, եւ ես մաս կը կազմեմ այդ ուղեւորութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մատնանշելով ու ներկայացնելով նաեւ «փիեմոնթէական» բարբառով Տիրամօր նուիրուած աղօթք մը։
Արմատներու կարեւորութիւնը
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը անգամ մը եւս շեշտեց արմատներու կարեւորութիւնը. «Երբեք պէտք չէ մոռնալ կամ ուրանալ սեփական մշակութային արմատները» ըսաւ Ան, աւելցնելով, որ «պէտք է նաեւ մշտապէս սնուցել եւ արժեւորել ընտանեկան սեփական արմատները»։
«Ես յաճախ կը կրկնեմ, որ երիտասարդները պէտք է միշտ խօսին իրենց մեծ հօր ու մեծ մօր հետ, որպէսզի հաստատ պահեն արմատները ու չմնան անշարժ առանց աշխարհը դիտելու։ Տարեցները արդարեւ կարող են օգնել ներշնչում գտնելու` յառաջ եւ հեռու երթալու համար։ Բայց եթէ ծառը կը բաժնուի արմատներէն, ան կը չորնայ եւ կը մեռնի։ Ուստի անհրաժեշտ է կենդանի պահել արմատներուն հետ կապը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, որ ապա խօսեցաւ իր սիրած ճաշերու մասին եւ Ասդի շրջանի խոհանոցի եւ կերակուրներու մասին, ակնարկելով, որ իր ընտանիքը եւս ունէր այգի եւ գինետուն։
«Խօսելով կերակուրի մասին կ՛ուզեմ նորոգել կոչ մը. Երբեք չմոռնանք, որ միլիոնաւոր մարդիկ ու մանուկներ անօթութենէ կը մեռնին։ Կարելի չէ անտարբեր ըլլալ։ Ասիկա պէտք է, որ բոլորիս առաջնահերթութիւնը ըլլայ։ Ան` որ բախտը ունի առօրեայի կերակուր ունենալու պէտք չէ զայն մսխէ, եւ նոյնը կը վերաբերի ջուրին» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է գործելու` արմատախիլ ընելու համար անօթութիւնը, որ գայթակղութիւն մըն է, ոճիր մըն է» ըսաւ Ան։
Քահանայապետութիւնը եւ 86 ամեայ կեանքը
Անդրադառնալով Քահանայապետութեան տասը տարիներուն, Սրբազան Պապը նշեց, թէ ինք ամէն օր կը խորհրդածէ կեանքի մասին, եւ խղճի քննութիւն կը կատարէ, ինչպէս սորվեցուցած է Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիրը` Սուրբ Իգնատիոս Տէ Լոյոլան։
«Կարեւոր է կանգ առնել եւ հասկնալ թէ ինչպէս կ՛ապրինք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա պատասխանեց իր կոչումի մասին ուղղուած հարցումին ըսելով, թէ ինք միշտ ուրախ եղած է բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր Տէրը զինք դրած է եւ թէ իր Քահանայապետ ըլլալը ծառայութիւն է` զոր իրմէ խնդրեց Եկեղեցին։
Խօսելով իր 86 ամեայ կեանքի մասին Քահանայապետը նշեց, թէ ինք ծերութիւնը կ՜ապրի անդորրութեան ու հոգեւորականութեան մէջ, ու պատասխանելով հարցումին թէ «ո՞ւր կը գտնէ Աստուած», Ան հաստատեց, թէ զԱյն կը գտնէ ամէն առաւօտ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, ապա «զԱյն կը գտնեմ մարդոց մէջ, որոնց կը հանդիպիմ ամէն օր» ըսաւ Քահանայապետը, որ ապա ընդգծեց «ունկնդրութեան» կարեւորութիւնը։ «Ինծի համար ունկնդրել անձերը շատ կարեւոր է ու բարիք մըն է, որովհետեւ կը սորվիմ ինչպէս անոնց ծառայել», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն խրատեց, որ իրենց կեանքը դիտեն երկու աչքերով` մարմնական հայեացքով, որ կը նայի այն բաներուն զոր կը տեսնէ , եւ միւսը` ապակիէ հայեացքը, որ կը տեսնէ երազները։
Երիտասարդներն ու ապագան
«Երիտասարդ մը, որ չի տեսներ իրականութիւնը օդին մէջ կ՛ապրի եւ երիտասարդ մը, որ չերազեր` գետնին տակը կ՛ապրի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ երիտասարդները կեանքի մարտահրաւէրը կարող են դիմագրաւել եթէ յանձնառու են կեանքը դիտելու վերոնշեալ երկու հայեացքներով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ