Ծուփփի. Կեդրոնական Իտալիոյ երկրաշարժէն տասը տարի ետք, վերածնունդի համար աշխատանք անհրաժեշտ է
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Կեդրոնական Իտալիան հարուածող 2016-ի երկրաշարժէն տասը տարի ետք, Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփփի պատարագ մատուցեց Արքուաթա տել Թրոնթոյի մէջ՝ ոգեկոչելու համար 299 զոհերն ու այն բոլոր համայնքները, որոնք տակաւին կը տառապին այդ ողբերգութենէն։
Այս առիթով արտասանած Իր քարոզին մէջ, Կարդինալ Ծուփփի կեդրոնացաւ «վերածնիլ» բառին վրայ՝ հրաւիրելով չյուսահատիլ, հակառակ վերականգնումի աշխատանքներու յապաղումներուն եւ դժուարութիւններուն։ «Ո՛չ թէ խոստումներ, այլ աշխատանք», եղաւ անոր կոչը. անհրաժեշտ են յանձնառութիւն, պատասխանատուութիւն եւ գործակցութիւն՝ արագօրէն ամբողջացնելու համար այն, ինչ որ տակաւին կը մնայ ընելիք։
Ծիրանաւորը յիշեց նաեւ կամաւորներու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու հիմնական դերը, որոնք երկրաշարժին յաջորդող օրերուն նպաստեցին աղէտեալ բնակչութեան աջակցելու գործին։ Ան ընդգծեց, թէ վերակառուցումը միայն շէնքերու եւ շինարարական հրապարակներու չի վերաբերիր, այլ մանաւանդ անհատներու, յարաբերութիւններու, համայնքներու եւ վստահութեան։
Կէսօրէ ետք, Կարդինալ Ծուփփին մատուցեց երկրորդ պատարագ մը Ամաթրիչէի մէջ՝ ներկայութեամբ նաեւ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի։ Այստեղ ան վեր առաւ յիշողութեան եւ զօրակցութեան արժէքը հանդէպ անոնց, որոնք տակաւին կը տառապին՝ կապելով երկրաշարժի ցաւը աշխարհի տարածքին պատերազմներու եւ բռնութիւններու զոհերուն հետ։
Երկրաշարժէն տասը տարի ետք, Ծիրանաւորին պատգամը եղաւ հրաւէր մը յառաջ նայելու. անցեալը պէտք չէ մոռցուի, այլ վերածուի պատասխանատուութեան եւ յոյսի։ Վերակառուցել կը նշանակէ ապագան վերադարձնել համայնքներուն եւ ամրապնդել միասնական համայնք ըլլալու զգացումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.