Որոնել

Գերպ Մարչելօ Քոլոմպօ՝ Արժանթինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահը Գերպ Մարչելօ Քոլոմպօ՝ Արժանթինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահը  (Conferencia Episcopal Argentina)

Լեւոն ԺԴ. Արժանթին պիտի բերէ խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը 8-11 Նոյեմբերին առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Արժանթինա՝ այցելելով Պուէնոս Այրէս, Քորտոպա եւ Լուխան, ուր պիտի փոխանցէ խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան, յոյսի եւ եկեղեցական նորոգութեան պատգամ։ Արժանթինի Եկեղեցին մեծ խանդավառութեամբ կը նախապատրաստուի այս երկար սպասուած այցելութեան, որուն կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը պիտի ըլլայ Լուխանի Սուրբ Կոյսի սրբավայրի ուխտագնացութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 5 օգոստոսին, պաշտօնապէս հաստատեց, որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 8-11 Նոյեմբերին առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Արժանթին։ Այցելութիւնը մեծ ուրախութեամբ ընդունուած է երկրին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն կողմէ։ Արժանթինի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ եւ Մենտոսայի արքեպիսկոպոս Մարչելօ Տանիէլ Քոլոմպօ յայտնեց, թէ Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը երկիր պիտի բերէ «խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան, եկեղեցական նորոգութեան եւ յոյսի պատգամ»։

Գերպ. Քոլոմպոյի համաձայն, այս այցելութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած էր եւ կարեւոր առիթ կը հանդիսանայ հաւատքը զօրացնելու ու աւետարանական առաքելութիւնը նոր թափով շարունակելու համար։ Ան շեշտեց, որ Քահանայապետը Արժանթին կու գայ որպէս Քրիստոսի վկայ եւ Աւետարանի ու յոյսի պատգամաբեր։

Իր վեցերորդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ Ուրուկուէյն ու Փերուն, Լեւոն ԺԴ. պիտի այցելէ Պուէնոս Այրէս, Քորտոպա եւ Լուխան, դառնալով Հարաւային Կոնի երկրորդ երկիրը, ուր կը կատարէ հովուապետական այցելութիւն։

Արժանթինի Եկեղեցին արդէն սկսած է այցելութեան մանրակրկիտ նախապատրաստութիւնը՝ կազմելով կազմակերպչական յանձնախումբեր եւ ուսումնասիրելով վերջին տարիներու պապական այցելութիւններու փորձառութիւնը։ Միաժամանակ, նախապատրաստական աշխատանքները կը կրեն նաեւ ընդգծուած հովուական բնոյթ։ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի վերջին լիագումար նիստին, եպիսկոպոսները քննարկած են տարբեր թեմերու եւ նահանգներու ակնկալութիւնները, որպէսզի այցելութիւնը արտացոլացնէ Արժանթինի Եկեղեցւոյ բազմազանութիւնն ու կենսունակութիւնը։

Այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն մէկը պիտի ըլլայ Լուխանի Սուրբ Կոյսի սրբավայրը, ուր Լեւոն ԺԴ. պիտի աղօթէ Արժանթինի հովանաւորուհի Աստուածամօր առջեւ։ Արքեպիսկոպոս Քոլոմպօ յիշեցուց, որ նոյն սրբավայրը բազմիցս այցելած էր Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոն՝ նախ որպէս քահանայ, ապա՝ եպիսկոպոս եւ կարդինալ։ Ան ընդգծեց, թէ Լուխանի արարողութիւնը պիտի դառնայ ազգային միասնութեան, որդիական հաւատարմութեան եւ հոգեւոր վերանորոգման նշանակալից պահ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/08/2026, 07:00