Քոյր Ժուտիթա Քոյր Ժուտիթա 

Սուրիա. Դամասկոսի «Ֆրանսական հիւանդանոցը»՝ պատերազմի մէջ յոյսի եւ ծառայութեան առաքելութիւն

Դամասկոսի «Ֆրանսական հիւանդանոցը», որ կը ղեկավարեն Սուրբ Վենսան տը Փօղի Գթութեան Դուստրերը, պատերազմի եւ տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ կը շարունակէ ծառայել բոլոր հիւանդներուն՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աղքատներուն։ Հիւանդանոցի պատասխանատու Քոյր Յուդիթա Ցաքովան կը շեշտէ, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ քրիստոնեաներու արտագաղթին, իրենց առաքելութիւնը յոյս, արժանապատուութիւն եւ քրիստոնէական սէր փոխանցելն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Դամասկոսի մէջ «Ֆրանսական հիւանդանոց» անունով ծանօթ կաթողիկէ առողջապահական հաստատութիւնը, որ կը տնօրինեն Սուրբ Վենսան տը Փօլի Գթութեան Դուստրերը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հակառակ պատերազմի, տնտեսական ճգնաժամին եւ անապահովութեան։ Հիւանդանոցին պատասխանատուներէն մին՝ գթութեան քոյր Ժուտիթա Ցաքովան, վերջին չորս տարիներէն ի վեր կը ծառայէ Սուրիոյ մէջ՝ համադրելով առողջապահական ծառայութիւնը քրիստոնէական մարդասիրական առաքելութեան հետ։

Առաքելութիւն՝ ներշնչուած մարդասիրութեամբ

Աւելի քան 33 տարիէ ի վեր միաբանութեան անդամ եղող եւ մասնագիտութեամբ բուժքոյր Քոյր Ժուտիթան նախապէս ծառայած է փախստականներու ճամբարներու եւ պատերազմական գօտիներու մէջ։ Ան կը պատմէ, թէ իր առաքելութեան ներշնչանքը ստացած է պատերազմէն փախուստ տուած եւ ամէն ինչ կորսնցուցած ընտանիքներու մասին կարդացած յօդուածէ մը, որ խորապէս ազդած էր իր վրայ։

Նոր իրականութեան յարմարուիլ

Դամասկոս հասնելուն պէս ան ստիպուած եղած է յարմարելու նոր լեզուի եւ առողջապահական համակարգի։ Չխօսելով արաբերէն՝ առաջին շրջանին ապաւինած է ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ ռուսերէն սորված բժիշկներու աջակցութեան։ Այսօր ան կը համակարգէ 108 մահճակալ ունեցող, շուրջ 250 աշխատակից եւ 130 բժիշկ ունեցող հիւանդանոցի վարչական ու տնտեսական գործունէութիւնը։

Վիրահատութիւն

Աղքատներուն ծառայելը՝ մնայուն առաջնահերթութիւն

Հիւանդանոցը կը ձգտի պահպանել ֆինանսական կայունութիւնը՝ միաժամանակ հաւատարիմ մնալով աղքատներուն ծառայելու իր առաքելութեան։ Այդ նպատակով ան կը սպասարկէ նաեւ վճարունակ հիւանդներ, որպէսզի կարենայ բուժում ապահովել անոնց, որոնք միջոցներ չունին։ Հաստատութիւնը սերտ համագործակցութիւն կը պահէ «Քարիթաս»-ի, միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ Սուրբ Աթոռի «Բաց հիւանդանոց» նախաձեռնութեան հետ, որուն շնորհիւ բազմաթիւ կարիքաւորներ ստացած են կեանք փրկող վիրահատութիւններ։

Պատերազմի հետեւանքները Սուրիոյ հասարակութեան վրայ

Քոյր Ժուտիթայի համաձայն, 2011-ի պատերազմէն ի վեր Սուրիան արմատական փոփոխութիւններ ապրած է։ Շատ քաղաքացիներ երկու աշխատանք կը կատարեն գոյատեւելու համար, իսկ կրթուած երիտասարդներու, յատկապէս քրիստոնեաներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու արտագաղթը զգալիօրէն աճած է։ Վերջին շրջանի անվտանգային զարգացումները եւս խորացուցած են անորոշութիւնը։

 

Վիրաւորներու սպասարկումը՝ ահաբեկչական յարձակումէն ետք

Ան յատկապէս կը յիշէ ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ իրականացուած ահաբեկչական յարձակումը, որմէ ետք վիրաւորներուն մեծ մասը տեղափոխուած էր «Ֆրանսական հիւանդանոց»։ Վիրահատութիւններէն ետք, երբ բժիշկներն ու բուժքոյրերը հարցուցած էին երիտասարդ վիրաւորներուն, թէ ինչպէս կրնան օգնել, անոնց մեծամասնութիւնը պատասխանած էր, որ կը ցանկանայ հեռանալ Սուրիայէն։

Խաղաղութեան եւ վստահութեան վայր

Չնայած բոլոր դժուարութիւններուն, հիւանդանոցը կը շարունակէ ըլլալ խաղաղութեան, վստահութեան եւ ընդունելութեան վայր։ Վերջերս ան բացած է սրտաբանութեան նոր բաժանմունք՝ բաց սրտի վիրաբուժութեան ծառայութիւններով, ապահովելով որակեալ բուժօգնութիւն բոլորին, ներառեալ քրիստոնեայ համայնքին համար։

Յոյսը՝ առաքելութեան շարժիչ ուժը

Քոյր Ժուտիթան կը շեշտէ, թէ միջազգային աջակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի հաստատութեան համար։ Ան կը նշէ, որ հիւանդանոցը շտապ կարիք ունի նոր շտապօգնութեան մեքենայի եւ աղքատ հիւանդներու վիրահատութիւններու ծախսերը հոգալու օժանդակութեան։ Սակայն, ըստ անոր, յոյսը կը մնայ ամէնէն մեծ ուժը. ան սիրով կը յիշէ վեց ամսական յղութենէ ծնած փոքրիկ աղջիկ մը, որուն անունը դրուած էր Միշա եւ որ այսօր առողջ երկու տարեկան մանուկ է՝ դառնալով պատերազմի մէջ յարատեւող կեանքի ու յոյսի խորհրդանիշ։

[ Photo Embed: Հիւնադանոցի անձնակազմը]

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

03/08/2026, 11:29