Որոնել

Գերեջանիկ Սվիաթոսլաւ Շեվչուք Քիեւի Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ Գերեջանիկ Սվիաթոսլաւ Շեվչուք Քիեւի Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ  (UGCC Department of Information)

Գերերջանիկ Շեվչուք Արքեպիսկոպոսը. «Ազատութիւնը բնաւ ինքնաբերաբար տրուած բան մը չէ, աղօթեցէ՛ք Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար»

Այն օրը, երբ երկիրը կը տօնէ իր անկախութեան 35-ամեակը, Ուքրանիոյ Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետը կը խօսի պատերազմին պատճառով ժողովուրդին կրած տառապանքներուն մասին եւ նոր, սրտագին կոչ մը կ'ուղղէ աշխարհի բոլոր ազգերուն. «Մենք ձեր զօրակցութեան կարիքն ունինք»:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Ուքրանիոյ անկախութեան 35-ամեակին առթիւ, Ուքրանիոյ Յոյն-Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսապետ Սվիաթոսլաւ Շեվչուք միջազգային համայնքին նոր կոչ մը ուղղած է՝ աղօթելու խաղաղութեան համար եւ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը չզլանալու ուքրանացի ժողովուրդին:

Տեսախցիկներով օժտուած համակարգերու կիրառումը ծանր կը դարձնէ քաղաքացիական անձերու դէմ իրականացուող յարձակումներուն բարոյական խնդիրը

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Շեվչուք պատմած է Քիեւի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակին մասին, ուր ինք եւ բազմաթիւ այլ քաղաքացիներ ստիպուած են գիշերները անցընել ապաստարաններու մէջ՝ ռուսական շարունակական յարձակումներուն պատճառով: Արքեպիսկոպոսապետին փոխանցած տուեալներով՝ 2026 Յուլիս ամիսը եղած է ամենաարիւնալին 2022 Մարտէն ի վեր, որուն ընթացքին սպաննուած է 437 քաղաքացիական անձ եւ վիրաւորուած՝ 2.610-ը:

Գերապ, Շեվչուք նաեւ ընդգծած է հակամարտութեան աճող տեխնոլոգիական չափանիշը, ուր կը գործածուին հետզհետէ աւելի արդիական անօդաչու սարքեր եւ հրթիռներ: Ըստ Անոր՝ տեսախցիկներով օժտուած համակարգերու կիրառումը աւելի ծանր կը դարձնէ քաղաքացիական անձերու դէմ իրականացուող յարձակումներուն բարոյական խնդիրը:

Ազատութիւնը միայն պարտադրանքներու բացակայութիւն չէ

Անկախութեան տարեդարձը ուքրանացիներուն համար առիթ մըն է խորհրդածելու ազատութեան արժէքին մասին, որ ձեռք բերուած է խորհրդային ամբողջատիրութեան աւարտէն ետք: Սակայն Շեվչուքի համար ազատութիւնը միայն պարտադրանքներու բացակայութիւն չէ. այլ պատասխանատուութիւն է, բարին ընտրելու եւ մարդկային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու կարողութիւն:

Անոր պատգամը աշխարհին յստակ է. «Մի՛ յոգնիք ազատ ըլլալէ»: Դէմ յանդիման հեղինակապաշտութեան աճին եւ ժողովրդավարական արժէքներու ճգնաժամին, արքեպիսկոպոսապետին համաձայն՝ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ստանձնէ իր հասարակութեան ապագայի պատասխանատուութիւնը:

Կոչ աղօթելու եւ մօտիկ ըլլալու Ուքրանիոյ

Ի վերջոյ, Շեվչուք կոչ կ’ուղղէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ բարեացակամ բոլոր մարդոց՝ միանալու Ուքրանիոյ աղօթքով: Արդարեւ Օգոստոս 24-ին, Քիեւի Սուրբ Սոֆիայի տաճարին մէջ տարբեր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ կը համախմբուին աղօթելու խաղաղութեան համար:

«Մենք ձեր զօրակցութեան կարիքն ունինք», ըսած է ան՝ աղօթքն ու մարդասիրական գործունէութիւնը նկատելով ուքրանացի ժողովուրդին մօտենալու եւ մօտ գտնուելու իրական ձեւ մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/08/2026, 11:14