Սրբուհի Մոնիքան եւ Սուրբ Օգոստինոսը Սրբուհի Մոնիքան եւ Սուրբ Օգոստինոսը  (©Renáta Sedmáková - stock.adobe.com)

Սրբուհի Մոնիքա․ հաւատքի եւ յարատեւութեան մայր մը

Սուրբ Մոնիքա ծնած է 331-ին Թակասթէ, Հիւսիսային Ափրիկէ, քրիստոնեայ ընտանիքէ մը։ Ամուսնացաւ Փաթրիքիւսի հետ, որ հեթանոս էր եւ դժուար բնաւորութեան տէր մարդ մը, բայց համբերութեամբ, սիրով եւ աղօթքով յաջողեցաւ զինք առաջնորդել դէպի հաւատք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

27 օգոստոսին, Կաթողիկէ եկեղեցին կը յիշատակէ՝ Սուրբ Օգոստինոսի մայր՝  Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը։  Ան կեանքի դժուար պահերու ընթացքին գիտցաւ յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան մէջ, սորվելով ընդունիլ Աստուծոյ կամքը, ու այս մէկը կարողացաւ կատարել աղօթքի ուժով։ Ան իր ամուսինը առաջնորդեց ընկալելու քրիստոնէական հաւատքը եւ մօտիկ եղաւ ու ընկերացաւ իր զաւակներուն ուղեւորութեան, յատկապէս կրցեր զաւկին՝ Օգոստինոսին որ մոլորուած էր աշխարհի հաճոյքներով եւ որ շնորհիւ իր մօր աղօթքներուն ու միջամտութիւններուն, դարձի եկաւ ու ապրեցաւ սրբակեաց կեանք մը՝ ինքզինք ամբողջովին նուիրելով Աստուծոյ ծառայութեան։

Սրբուհի Մոնիքա ծնած է 331-ին Թակասթէ, Հիւսիսային Ափրիկէ, քրիստոնեայ ընտանիքէ մը։ Ամուսնացած էր Փաթրիքիւսի հետ, որ հեթանոս էր եւ դժուար բնաւորութեան տէր մարդ մը, բայց համբերութեամբ, սիրով եւ աղօթքով յաջողեցաւ զինք առաջնորդել դէպի հաւատք։

Երեք զաւակներու մայր, յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Օգոստինոսի, որ հեռացած էր քրիստոնէական հաւատքէն՝ ճշմարտութիւնը փնտռելու համար։ Մոնիքա բնաւ չդադրեցաւ անոր համար աղօթելէ եւ հետեւեցաւ անոր ճամբորդութիւններուն մինչեւ Իտալիա։ Միլանոյի մէջ ականատես եղաւ անոր դարձին եւ մկրտութեան, որ ստացաւ Ամպրոզիոս եպիսկոպոսէն։

387-ին, Օգոստինոսի դարձէն եւ մկրտութենէն քիչ ետք, երկուքը կանգ առին Օսթիա Թիպերինա՝ սպասելով Ափրիկէ մեկնելու։ Հոն ապրեցան հոգեւոր խոր հաղորդութեան պահ մը, որ Օգոստինոս հիւսած է իր «Խոստովանութիւններ»ուն մէջ. միասին խորհրդածեցին յաւիտենական կեանքին շուրջ եւ դիտեցին այն երջանկութիւնը, որ կը ծնի Աստուծոյ հետ միութենէն։

Մոնիքայի համար այդ փորձառութիւնը գրեթէ պատասխան մըն էր իր երկար աղօթքներուն։ Գիտնալով որ որդին ի վերջոյ ընտրած էր հաւատքը, ըսաւ թէ այլեւս որեւէ յատուկ պատճառ չունէր երկրի վրայ մնալու. իր յոյսը արդէն ամբողջութեամբ իրականացած էր։

Մահացաւ 387-ին, 56 տարեկան հասակին։ Անոր վերջին ուսուցումը եղաւ վստահութեան մեծ դաւանութիւն մը. «Ոչինչ հեռու է Աստուծմէ»։ Ան չէր վախնար նոյնիսկ որ իր մարմինը թաղուէր իր քաղաքէն հեռու, որովհետեւ վստահ էր թէ Աստուած պիտի գիտնար զինք ճանչնալ եւ յարութիւն տալ ժամանակներու աւարտին։

Անոր մասունքները նախ թաղուեցան Օսթիա Անթիքայի մէջ, իսկ աւելի ուշ փոխադրուեցան Հռոմ, Սուրբ Օգոստինոս հայրապետի տաճարը, ուր կը պահուին մինչեւ այսօր։

Սրբուհի Մոնիքայի կեանքը այսպէս ցոյց կու տայ, թէ ճշմարիտ երջանկութիւնը չի գտնուիր երկրային իրականութեանց մէջ, այլ Աստուծոյ՝ յաւիտենական կեանքի աղբիւրին մէջ։ Անոր համբերատար հաւատքը եւ աղօթքի հանդէպ վստահութիւնը մինչեւ այսօր օրինակ կը մնան իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/08/2026, 07:26