«Երբոր Ճշմարտութիւնը Կորսուի» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Աստուած իր խոստումին համաձայն ազատագրեց իր ժողովուրդը եգիպտացիներու գերութէնէն, եւ զիրենք առաջնորդեց դէպի խօստացուած երկիրը: Մովսէսի Նեբով լերան վրայ մեռնելէն ետք՝ առանց Քանան մտնելու, Աստուած Յեսուն նշանակեց իբրեւ անոր յաջորդը, որպէսզի ազգը առաջնորդէ Յորդանան գետէն անդին եւ տիրանայ Աբրահամի խոստացուած երկրին։ Ի տարբերութիւն Մովսէսի, որ յստակօրէն մարզեց Յեսուն իբրեւ իր յաջորդը, Յեսու ո՛չ մէկ առաջնորդ նշանակեց իրեն յաջորդելու համար։ Առաջնորդութիւնը ամբողջութեամբ վերադարձաւ ցեղախումբերու երէցներուն։ Աստուածաշունչը կը գրէ, թէ «անոնցմէ ետք ուրիշ սերունդ մը ելաւ, որ ո՛չ Տէրը կը ճանչնար, ո՛չ ալ այն գործը, որ ան ըրած էր Իսրայէլի համար» (Դատաւորաց 2:10)։ Քանանացիներուն քով ապրիլը Իսրայէլը առաջնորդեց խառն ամուսնութիւններու եւ տեղական աստուածներու պաշտամունքին, ինչպէս՝ Բահաղի եւ Աստարովթի։ Այս հոգեւոր անկումը առաջնորդեց ղեկավարութեան բացակայութեան եւ ազգային մոլորութեան։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ'ըսէ. «Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի երեւցածը կ'ընէր»։
Շատեր այսօր կը նկատեն, որ մեր ժամանակակից ընկերութիւնը զարմանալիօրէն նման է Դատաւորաց գիրքին մէջ նկարագրուած այդ մութ շրջանին, ուր ամէն մարդ իր աչքին հաճելի թուացածը կ'ընէ։Անոնք ոչ թէ գիտակցաբար սխալ կ'ընեն, այլ իրենց տամաբանութեամբ ճիշդը կը գործեն՝ մէկ չնչին վրիպումով, որ ոչ ոք գիտէ, թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Երբ Ճշմարտութիւնը մէկ կողմ թողուի, եւ ամէն մարդ տէր դառնայ իր անձնական «ճշմարտութեան», արդիւնքը քաո՛ս կ'ըլլայ։ Ի զուր տեղը չէ, որ կ'ապրինք այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր կը տիրեն վէճեր, ընտանեկան պառակտումներ, իշխանութեանց անարգում, յարաբերութիւններու քայքայում, եւ ցանկը դեռ կ'երկարի:
Մարդիկ ընկճուած են, շատեր հոգեբուժական դեղերու կը դիմեն, եւ ոչ ոք կարողութիւն ունի լուծում գտնելու՝ իրենց իսկ ստեղծած ու դէպի քայքայում տանող ընթացքը սրբագրելու կամ ուղղելու։ Պատասխանը մէ՛կ է. միակ եւ բացարձակ Ճշմարտութիւնը Քրիստոս Ինքն է։ Ան եկաւ մարդկութիւնը փրկելու այս մոլորութենէն, ինչպէս նաեւ բացայայտելու ու իսկական իմաստ տալու աստուածային պատուիրաններուն։ Մեզի տուաւ Եկեղեցին, որպէսզի անոր միջոցաւ Ինք շարունակէ ուղղել, սրբագրել եւ բուժել։ Մարդս կրնայ իր խաղաղութիւնը գտնել միայն Խաղաղութեան Իշխանին մօտ. ո՛չ տնտեսական, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ գիտական լուծումները պատասխան ունին մարդկութեան այս տագնապին։ Քրիստոս Ինքն է՝ «երէկ, այսօր եւ յաւիտեան», որ կարողութիւնն ունի մարդը ազատագրելու դէպի մահ տանող իր ճանապարհէն: Հետեւաբար, դառնա՛նք Իրեն՝ Եկեղեցւոյ եւ սուրբերու ընկերակցութեան միջոցաւ, եւ պիտի գտնենք մեր խաղաղութիւնը, որուն համար Պատարագին մէջ քահանան կ'աղօթէ ըսելով. «Խաղաղութեամբ քով, Քրիստո՛ս Փրկիչ մեր, ամրացո՛ զմեզ եւ աներկիւղ պահեա՛ յամենայն չարէ»։ Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.