Եռօրեայ հոգեւոր կրթութիւն՝ Զմմառու Մայրավանքին մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Զմմառու պատմական Մայրավանքի անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Զմմառու Մայրավանքի վարչութիւնը, աւանդութեան համաձայն, Վերափոխման Կիրակիին նախորդող շաբթուան սկիզբը կազմակերպեց եռօրեայ հոգեւոր կրթութեան ծրագիր մը՝ միաբանութեան, թեմական հոգեւորականներու, նորընծաներու եւ ժառանգաւորներու մասնակցութեամբ։
Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Մայրավանքի «Վերափոխումն Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ա.Գ.Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Սուրբ Պատարագին ներկայ էին եպիսկոպոսներ, միաբան եւ թեմական վարդապետներ ու քահանաներ, ինչպէս նաեւ նորընծաներ եւ ժառանգաւորներ։ Պատարագը մատուցեց Մայրավանքի մեծաւոր Գերպ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան։
Սուրբ Պատարագէն ետք սկսաւ հոգեւոր կրթութեան ծրագիրը, որուն առանցքը աղօթքը, խորհրդածութիւնը եւ հոգեւոր վերանորոգումն էին։ Օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնները առաջնորդեց Հայր Ժորժ Եարաք։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ ժամերգութիւններ եւ մասնաւորաբար Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի յիշատակին նուիրուած ջերմեռանդական աղօթքներ։
Երեքշաբթի, 11 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Մայրավանքի «Վերափոխումն Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ, ամբողջ Մայրավանքի հասարակութիւնը միասնաբար աղօթեց գիշերային ժամերգութիւնը։ Ժամը 10:30-ին, «Փոխման Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ն.Ա.Գ.Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ եւ հոգեւորականաց ու կրթական ընտանիքին մասնակցութեամբ, շարունակուեցաւ եռօրեայ հոգեւոր կրթութեան ծրագիրը։
Կէսօրուան ժամը 12:30-ին, ամբողջ հասարակութիւնը համախմբուեցաւ փոքր ժամերու աղօթքին, իսկ յետմիջօրէին՝ ժամը 4:00-ին, մայր եկեղեցւոյ մէջ շարունակուեցան հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւնները։
Օրուան յատուկ շեշտադրումը Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած հոգեւոր ձեռնարկներն էին։ Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ օրուան տօնին ու Ս. Մալոյեանի վկայութեան մասին քարոզեց Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի տեսուչ Գերպ. Հայր Կարապետ Վրդ. Գլնճեան։
Պատարագէն ետք, Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Դպրեվանքի ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած «Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը» տեսաերիզը ցուցադրուեցաւ։ Ցուցադրութենէն ետք, մայր եկեղեցիէն թափօրով ուղղուելով դէպի Ս. Մալոյեանի յուշակոթողը, ներկաները կատարեցին Ս. Հաղորդութեան երկրպագութիւն՝ աղօթքով եւ երախտագիտութեամբ յիշելով հայ ժողովուրդի մեծանուն նահատակ սուրբին վկայութիւնը։
Եռօրեայ հոգեւոր կրթութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ Զմմառու Մայրավանքի հոգեւոր ընտանիքին համար՝ միասնական աղօթքի, լռութեան, խորհրդածութեան եւ քրիստոնէական կոչումի վերանորոգման։ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին ընդառաջ, այս օրերը միաժամանակ վերածուեցան հաւատքի խորացման եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վկայութեան լոյսին տակ հոգեւոր ուղեւորութեան մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.