Որոնել

4 օգոստոս 2020-ին Պէրութի նաւահանգիստի մէջ պայթում 4 օգոստոս 2020-ին Պէրութի նաւահանգիստի մէջ պայթում  (AFP or licensors)

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը համազգային աղօթքի կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վեցերորդ տարելիցին առիթով

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վեցերորդ տարելիցին առիթով համազգային աղօթքի կոչ ուղղեց՝ յիշելու զոհերը, մխիթարելու անոնց ընտանիքները եւ աղօթելու Լիբանանի խաղաղութեան ու ապահովութեան համար։ Ան նաեւ կոչ ըրաւ, որ օգոստոս 4-ին երեկոյեան ժամը 6։07-ին եկեղեցիներու զանգակները ղօղանջեն, իսկ բոլոր հաւատացեալները, նաեւ իրենց տուներէն, միանան աղօթքին։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական Բաժանմունք

Պէյրութի նաւահանգիստի 2020 թուականի աղէտալի պայթումի վեցերորդ տարելիցին առիթով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը հովուապետական ուղերձով համազգային աղօթքի կոչ ուղղեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ Ուղերձը հրապարակուեցաւ օգոստոսի 1-ին՝ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակին կողմէ։

Պատրիարքը հրաւիրեց հոգեւորականները, վանականներն ու միաբան քոյրերը, համայնքներու անդամներն ու բոլոր հաւատացեալները միանալու աղօթքի՝ յիշատակելու պայթումի նահատակներն ու զոհերը, աղօթելու անոնց ընտանիքներուն, հիւանդներուն, տառապեալներուն եւ բոլոր անոնց համար, որոնց կեանքին մէջ Օգոստոս 4-ի ողբերգութիւնը տակաւին բաց վէրք կը մնայ։

Հովուապետական կոչին համաձայն, երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։07-ին, Լիբանանի բոլոր Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն մէջ եկեղեցւոյ զանգակները պիտի ղօղանջեն՝ դառնալով աղօթքի, յիշատակի եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ։ Պատրիարքը նաեւ հրաւիրեց տուներուն մէջ մնացող հաւատացեալները, յատկապէս հիւանդներն ու տարեցները, միանալու աղօթքին, մոմ վառելու զոհերուն հոգիներուն հանգստութեան համար եւ աղաչելու Աստուծոյ՝ մխիթարել սգաւորները, բժշկել տառապեալները եւ պահպանել Լիբանանը խաղաղութեան, արդարութեան եւ ապահովութեան մէջ։

Իր պատգամին աւարտին Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց այս տարելիցը վերածելու հաւաքական հաւատքի, յոյսի եւ վերականգնման պահու՝ աղօթելով, որ Տէրը ողորմի զոհերուն, սրբէ ընտանիքներուն արցունքները եւ Լիբանանին շնորհէ ուժ՝ յաղթահարելու իր վէրքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

03/08/2026, 14:16