Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լիմայի արք. կարդինալ Քարլոս Քասթիլլօ Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Լիմայի արք. կարդինալ Քարլոս Քասթիլլօ  

Խաղաղութիւն փնտռող ժողովուրդին համար յոյսի աղբիւր. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Փերուի այցելութիւնը

Կարդինալ Քարլոս Քասթիլլօ յայտնեց, թէ Փերուի ժողովուրդը մեծ յոյսով կը սպասէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին 11-17 Նոյեմբերին նախատեսուած այցելութեան՝ վստահելով, որ անիկա նորոգութիւն եւ խրախուսանք պիտի բերէ Եկեղեցւոյ ու հասարակութեան։ Ան նաեւ շեշտեց, որ Քահանայապետին պատգամը պիտի քաջալերէ եղբայրակցութիւնը, ազգային միասնութիւնը եւ երկխօսութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւնը՝ երկրի ներկայ ընկերային դժուարութիւններուն դիմաց։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը 6-17 Նոյեմբերին առաքելական այցելութիւն պիտի կատարէ Հարաւային Ամերիկա՝ այցելելով Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Փերու։ Փերուի մէջ Սրբազան Քահանայապետը 11-17 Նոյեմբերին պիտի այցելէ Լիմա, Չիքլայօ, Քուսքօ եւ Փուքալփա քաղաքները։

Վատիկանեան լրատուամիջոցին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Լիմայի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քարլոս Քասթիլլօ ըսաւ, թէ այս այցելութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը մեծ ուրախութիւն եւ յոյս ներշնչած է ամբողջ երկրին մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Փերուի ժողովուրդը Քահանայապետը կը նկատէ «ժողովուրդին իսկական բարեկամը», իսկ անոր այցելութիւնը նոր խանդավառութիւն պիտի հաղորդէ քրիստոնէական կեանքին։

Կարդինալը յիշեցուց, որ Սրբազան Քահանայապետը առանձնայատուկ կապ ունի Չիքլայոյի ժողովուրդին հետ, ուր երկար տարիներ հովուական ծառայութիւն իրականացուցած է, եւ այդ պատճառով ալ այցելութիւնը մեծ սպասումներ ստեղծած էր։

Անդրադառնալով երկրի ներկայ իրավիճակին՝ Կարդինալ Քասթիլլօ նշեց, որ Փերուն կը դիմագրաւէ ծանր ընկերային մարտահրաւէրներ, ինչպիսիք են յանցագործութիւնը, սպաննութիւնները եւ շորթումները, որոնք յատկապէս կը հարուածեն աղքատ եւ խոցելի խաւերը։ Ան համոզում յայտնեց, թէ Քահանայապետին ներկայութիւնը կրնայ նոր շունչ հաղորդել ժողովուրդին, ամրապնդելով արդարութեան, համերաշխութեան եւ կեանքի պաշտպանութեան յանձնառութիւնը։

Այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են։ Լիմայի, Չիքլայոյի, Քուսքոյի եւ Փուքալփայի մէջ կազմուած են յատուկ կազմակերպչական յանձնախումբեր, որոնք կը համակարգեն պաշտամունքային արարողութիւնները, հաւաքները, հովուական ձեռնարկները եւ ապահովութեան միջոցառումները։ Նախապատրաստութիւններուն մէջ ներգրաւուած են երիտասարդներ, բնիկ համայնքներ, հասարակական նախաձեռնութիւններ եւ բազմաթիւ եկեղեցական ու քաղաքացիական կառոյցներ։

Կարդինալ Քասթիլլօ յատկապէս շեշտեց, որ Փերուի մեծագոյն մարտահրաւէրը մարդկային եղբայրակցութեան եւ ազգային միասնականութեան վերականգնումն է։ Ան յոյս յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը իր ուսուցումով պիտի քաջալերէ ժողովուրդը կառուցելու երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ հաշտութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն։

«Կը մաղթենք, որ Սրբազան Քահանայապետը մեզ առաջնորդէ դէպի այն խաղաղութիւնը, որ կը ծնանի երկխօսութենէն եւ հաշտութենէն, եւ օգնէ մեր ժողովուրդին մերժելու բռնութիւնն ու ընտրելու եղբայրական համակեցութիւնը», եզրափակեց Լիմայի արքեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/08/2026, 06:59