Կարդինալ Փիցապալլա. Յորդանանի Արեւմտեան Ափը երկիր մըն է «առանց օրէնքի»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Յորդանանի Արեւմտեան Ափի մէջ իրավիճակը հետզհետէ աւելի ողբերգական դարձած է: Այս մասին ահազանգեց Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարք՝ Կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլան, Ռիմինիի Հանդիպումին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին: Անոր համաձայն, հրեայ բնակիչներու եւ պաղեստինցի ժողովուրդին միջեւ բռնութիւնը շարունակական աճի մէջ է։
Փիցապալլա կոչ ուղղեց Արեւմուտքին՝ աւելցնելու դիւանագիտական ջանքերը, որպէսզի կասեցուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կացութեան վատթարացումը: Պատրիարքին համաձայն արդարեւ դիւանագիտութիւնը, նոյնիսկ իր սահմանափակումներով կը մնայ միակ ուղին, որ կարող է կանխել տագնապին լուծումը ուժի եւ զէնքի միջոցաւ: Շրջանի ապագային մասին ան վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը երկու պետութիւններու՝ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի լուծումին, որպէս երկու ժողովուրդներուն ալ սեփական տուն ունենալու իրաւունքը ճանչնալու ուղի:
Խօսելով պատերազմի մասին, Կարդինալ Փիցապալլա պնդեց դիմացինը մարդկայնութենէ չզրկելու անհրաժեշտութիւնը: Տագնապը, բացատրեց Ան, կրնայ ատելութիւնն ու բռնութիւնը վերածել մտածելակերպի մշտական ձեւի մը, յատկապէս երիտասարդներուն համար: Այս պատճառով անհրաժեշտ է շարունակել հանդիպիլ, լսել նաեւ սեփականէն տարբեր ձայները եւ ընդդիմանալ այն պատումներուն, որոնք վախ ու ոխ կը սնուցանեն:
Պատրիարքը ապա ընդգծեց, որ յոյսը չի նշանակեր ակնկալել, թէ «ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ»: Անիկա կը ծնի ներսէն, հաւատքէն եւ իսրայէլացիներու ու պաղեստինցիներու, հրեաներու, մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ հանդիպումներէն: Ըստ Փիցապալլայի, միջկրօնական երկխօսութիւնը եւս պէտք է սկսի հասարակ ժողովուրդէն եւ տեղական համայնքներէն, եւ ոչ միայն վերնախաւերէն:
Վերջապէս, Ան խօսեցաւ «յիշողութեան մաքրագործման» անհրաժեշտութեան մասին. չմոռնալ անցեալի տառապանքներն ու անարդարութիւնները, բայց արգիլել, որ անոնք որոշեն նոր սերունդներուն ապագան: Խոր բաժանումներով յատկանշուած շրջանի մը մէջ, խաղաղութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն քաղաքական որոշումներ, այլեւ լսողութիւն, յարաբերութիւններ, բարեկամութիւն եւ դիմացինին մէջ անձ մը եւ ոչ թէ թշնամի ճանչնալու կարողութիւն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.