Կարդինալ Փիցապալլա՝ Թայպէի մէջ. պահպանել քրիստոնէական ներկայութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, այցելեց Անդրյորդանանի Թայպէհ գիւղը՝ Պաղեստինի վերջին քրիստոնէական գիւղը, ուր վերջին շրջանին մուտքի խիստ սահմանափակումներ հաստատուած են։
Թայպէհի Քրիստոս Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Փիցապալլա պատրիարքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց համայնքին՝ ընդգծելով, որ Եկեղեցին պիտի շարունակէ ամէն ինչ ընել Սուրբ Երկրին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը պահպանելու համար։ Ան հաւատքի եւ յոյսի մէջ ամուր մնալու կոչ ուղղեց բնակիչներուն՝ ըսելով. «Քաջ եղէք, մի՛ վախնաք»։
Պատրիարքը ընդգծեց նաեւ, որ Մարիամի Վերափոխումը քրիստոնեաներուն կը սորվեցնէ իրականութիւնը դիտել «աստուածային աչքերով» եւ վստահիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ։
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ Թայպէի եւ Ռիմոնի շրջանը Իսրայէլի իշխանութիւններու կողմէ յայտարարուած է «փակ ռազմական գօտի»՝ սահմանափակելով օտարերկրացիներու մուտքը։ «Ձեր օրինակը կարեւոր է, որպէսզի շարունակենք ըլլալ քրիստոնէական ձայն մը այս բարդ իրավիճակին մէջ», ընդգծեց Փիցապալլա։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.