Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին լուսանկարը Հռոմի միջազգային օդակայան հասնելու ժամանակ Լեւոն ԺԴ. Պապին լուսանկարը Հռոմի միջազգային օդակայան հասնելու ժամանակ  (ANSA)

Փերուի Եկեղեցին հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութեան պաշտօնական աղօթքը

Փերուի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Փերու կատարելիք առաքելական այցելութեան պաշտօնական աղօթքը՝ հաւատացեալները հոգեւորապէս պատրաստելու եւ հաւատքը, յոյսն ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու նպատակով։ 11-17 Նոյեմբեր նախատեսուած այցելութիւնը, որ պիտի ընդգրկէ երկրի հինգ քաղաքներ, կը ներկայացուի իբրեւ «շնորհքի ժամանակ»՝ միութեան, երկխօսութեան եւ հաշտութեան Քահանայապետական պատգամը տարածելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Փերուի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Փերու կատարելիք առաքելական այցելութեան պաշտօնական աղօթքը՝ հաւատացեալները հոգեւորապէս պատրաստելու համար։ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը նախատեսուած է 11-17 Նոյեմբերին եւ պիտի ընդգրկէ Լիմա, Քալաո, Փուքալփա, Քուսքօ եւ Չիքլայօ քաղաքները։

Փերուի Եկեղեցին կը շեշտէ, որ այս այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ հաւատքը վերանորոգելու, յոյսը ամրապնդելու եւ խաղաղութիւնը խթանելու։ Փերուի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ եւ Լուրինի եպիսկոպոս, Գարլոս Կարսիա Գամատէր ընդգծեց, որ Քահանայապետին ներկայութիւնը մեծ պարգեւ պիտի ըլլայ ժողովուրդին եւ առիթ՝ Եկեղեցւոյ անդամներուն միասնաբար Աւետարանին ծառայելու։

Պաշտօնական աղօթքը կ՛անդրադառնայ Լեւոն ԺԴ.ի հովուապետութեան հիմնական պատգամներէն մէկուն՝ «չզինուած եւ զինաթափող խաղաղութեան» կոչին, որ նպատակ ունի վերջ դնելու բռնութեան ու ատելութեան եւ ճանապարհ բանալու միութեան ու հաշտութեան։

Փերուի Եպիսկոպոսները նաեւ ընդգծեցին Քահանայապետին եւ երկրին միջեւ գոյութիւն ունեցող առանձնայատուկ կապը՝ յիշեցնելով այն տարիները, երբ Ան Փերուի մէջ իր հովուական ծառայութիւնը կատարած էր, ինչպէս նաեւ Փերուի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի փոխնախագահի պաշտօնը ստանձնած էր։ Անոնք առաջիկայ այցելութիւնը որակեցին իբրեւ «շնորհքի ժամանակ»՝ Փերուի Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան համար։

Աղօթքին մէջ Քահանայապետին այցելութիւնը կը յանձնուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնին՝ Եկեղեցւոյ Մօր, Սուրբ Թորիպիօ տը Մոկրովեխոյին եւ Փերուացի սուրբերուն՝ աղերսելով, որ այցելութիւնը նորոգէ յոյսը եւ ամրապնդէ խաղաղութիւնը ամբողջ երկրին մէջ։

Փերուի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը հաւատացեալները հրաւիրեց բաց սրտով պատրաստուելու Սրբազան Քահանայապետին ընդունելութեան եւ եղբայրական ու համերաշխ հաղորդակցութեամբ ապրելու այս կարեւոր իրադարձութիւնը՝ ընդունելու համար խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ հաշտութեան պատգամը, զոր Լեւոն ԺԴ. պիտի ուղղէ Աստուծոյ ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/08/2026, 10:50