Սուրբ Յովսէփ Սուրբ Յովսէփ  (Copyright: www.bridgemanart.com)

«Մի՛ վախնար» (Մատթ. 1, 14 – 20) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, աղօթենք, որպէսզի Յովսէփի նման ունենանք մաքուր սիրտ, ողորմած հոգի եւ Աստուծոյ կամքին վստահելու քաջութիւն։ Թող մեր վախերը տեղ տային հաւատքին, եւ մեր կեանքը դառնայ կենդանի վկայութիւն Աստուծոյ ներկայութեան. Ամէն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայներ,

Այսօրուան Աւետարանը առաջին հայեացքով անուններու ցանկ մը կը թուի ըլլալ։ Սակայն այդ տոհմածառը մեզի կը յայտնէ մեծ ճշմարտութիւն մը. Աստուած իր խոստումները կը կատարէ պատմութեան մէջ։ Սերունդներ կու գան եւ կ’անցնին, թագաւորութիւններ կը բարձրանան եւ կ’իյնան, բայց Աստուծոյ ծրագիրը երբեք չի ձախողիր։

Ապա Աւետարանը մեզ կը ներկայացնէ արդար Յովսէփը։ Երբ ան իմացաւ, թէ Մարիամը յղի էր, չուզեց զինք հրապարակաւ ամօթոյ ենթարկել, այլ որոշեց լուռ կերպով հեռանալ։ Այդ որոշումը կը բացայայտէ Յովսէփի արդարութիւնը, որ միայն Օրէնքին հնազանդութիւն չէր, այլ նաեւ ողորմածութիւն եւ սէր։

Բայց Աստուած իր հրեշտակը ղրկեց եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար Մարիամը քեզի կին առնելու»։ Յովսէփին մեծագոյն փորձութիւնը վախն էր։ Սակայն Աստուծոյ խօսքը զինք ազատեց այդ վախէն եւ վստահութիւն ներշնչեց։

Սիրելիներ, այս պատգամը այսօր նաեւ մեզի ուղղուած է։ Մենք ալ շատ անգամներ կը գտնուինք անորոշութեան, չենք հասկնար Աստուծոյ ծրագիրը եւ կը վախնանք ապագայէն։ Բայց Տէրը մեզի ալ կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար»։ Երբ մեր կեանքը իր ձեռքերուն կը յանձնենք, նոյնիսկ այն ինչ որ անհասկնալի կը թուի, կրնայ դառնալ փրկութեան ճանապարհ։

Յովսէփը շատ չխօսեցաւ. Աւետարանը ոչ մէկ խօսք կը վերագրէ անոր։ Բայց ան իր հաւատքը գործով ցոյց տուաւ։ Ան լսեց Աստուծոյ ձայնը եւ հնազանդեցաւ։ Ահա իսկական հաւատքը՝ վստահիլ Աստուծոյ, նոյնիսկ երբ ամէն բան յստակ չէ։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, աղօթենք, որպէսզի Յովսէփի նման ունենանք մաքուր սիրտ, ողորմած հոգի եւ Աստուծոյ կամքին վստահելու քաջութիւն։ Թող մեր վախերը տեղ տային հաւատքին, եւ մեր կեանքը դառնայ կենդանի վկայութիւն Աստուծոյ ներկայութեան. Ամէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/08/2026, 07:12