Որոնել

2026.07.23 Sua Eccellenza Mons Mikael Mouradian

Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» հովուական յորդորը (Դ)

«Evangelii gaudium»ը («Աւետարանի Ուրախութիւնը») Ֆրանչիսկոս Պապի առաջին առաքելական յորդորագիրն է, որ հրատարակուած է 24 Նոյեմբեր 2013-ին: Նկատուելով իր քահանայապետութեան իսկական ծրագրային փաստաթուղթը, յորդորագիրը կը գծագրէ «դէպի դուրս ելլող», զօրեղօրէն առաքելական, աղքատ եւ ժողովուրդին մօտիկ Կաթողիկէ Եկեղեցիի մը տեսլականը:
Ունկնդրէ զրոյցը

4.Ի՞նչ դեր ունի Ժողովրդապետութիւնը կամ Ծխական Համայնքը այս Վեր-Աւետարանցումի զարգացման մէջ, եւ ինչպէ՞ս կը նպաստէ Առաքեալ աշակերտի դաստիարակութեան եւ պատրաստութեան:

Աւետարանի Ուրախութիւնը՝ Հովուական Յորդորին մէջ, Պապը զգալի ժամանակ կը յատկացնէ Ժողովրդապետութիւններուն եւ ծխական համայնքներու կեանքին ու գործունէութեան, նշելով թէ ինչպէ՛ս առաքելական մղումը կրնայ փոխել ծխական կեանքը։ 

«Իր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ Ծխական Համայնքը կը քաջալերէ եւ կը դաստիարակէ իր անդամները՝ ըլլալու աւետարանիչներ։ Ան, ընտանիքներու համայնք մըն է, սրբավայր մը՝ ուր ծարաւները կու գան խմելու իրենց հոգեւոր կեանքի ճամբորդութեան ընթացքին, եւ զանոնք մշտական առաքելութեան մղելու  եւ ուղարկելու կեդրոն մը։ Սակայն պէտք է խոստովանինք, թէ մեր Ծխական Համայնքները (Ժողովրդապետութիւնները) վերանայելու եւ նորոգելու կոչը տակաւին բաւարար չէ եղած՝ զանոնք ժողովուրդին աւելի մօտ բերելու, զանոնք դարձնելու կենդանի հաղորդակցութեան եւ մասնակցութեան միջավայրեր, եւ զանոնք ամբողջովին առաքելութեան ուղղուածութիւն տալու» (#28)։

«Որոշ անձերու մօտ կը տեսնենք ցուցամոլ մտահոգութիւն մը եկեղեցական արարողութեանց, վարդապետութեան եւ Եկեղեցւոյ հեղինակութեան շուրջ, սակայն առանց որեւէ մտահոգութեան, թէ արդեօ՞ք Աւետարանը իրական ազդեցութիւն կ’ունենայ Աստուծոյ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ ներկայ ժամանակի շօշափելի կարիքներուն վրայ» (#95)։ 

Ապա Ան՝ Աւետարանի պատգամը փոխանցելու մասին կը գրէ․

« Առաքելական ուղղուածութեամբ կամ ոճով եղած Հովուական ծառայութիւնը չի կատարուիր կտրտուած կամ անյօդակապ բազմաթիւ վարդապետութիւններու մոլուցքով, որոնք պէտք է համառօրէն պարտադրուին… պատգամը պէտք է կեդրոնանայ էականին վրայ, այն բանին վրայ, որ ամէնէն գեղեցիկն է, ամէնէն մեծը, ամէնէն գրաւիչը եւ միաժամանակ ամէնէն անհրաժեշտը։ Պատգամը կը պարզեցուի եւ մատչելի կը դառնայ՝ առանց կորսնցնելու իր խորութիւնն ու ճշմարտութիւնը, եւ այդպէսով ան կը դառնայ աւելի զօրեղ եւ համոզիչ»։ 

Պապը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ քարոզին, մանաւանդ Սուրբ Պատարաքի ժամանակ քարոզչութեան եւ հոգեւոր խորհրդածութեան։ Քարոզութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ սրբազան երկխօսութիւն մը։ Ան պէտք է ծնունդ առնէ Սուրբ Գրքի աղօթական խորհրդածութենէն եւ խօսի մարդոց իրական կեանքին մասին։

Քահանայապետը յետագային մի քանի երկար պարբերութիւններ կը յատկացնէ  բացառապէս եկեղեցական քարոզներու՝ եւ յատկապէս քրիստոնէական դաստիարակչական ճառերու մասին։ (#135-159 – Հովուական յորդորէն ՄԵԾ բաժին մը) 

Աւետարանացումը նաեւ կը պահանջէ մշակութային մարմնացում (inculturation)՝ այսինքն Աւետարանը մարմին կ’առնէ ներթափանցելով տարբեր մշակոյթներու մէջ։ Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը կը նկատուի Սուրբ Հոգիի իսկական գործը։ Երբ քրիստոնեաները կ՚ապրին խոնարհութիւն եւ ողորմութիւն, այն ատեն Աւետարանը կը դառնայ հաւատալի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/08/2026, 08:32