Որոնել

2026.07.23 Sua Eccellenza Mons Mikael Mouradian

Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» հովուական յորդորը (Գ)

«Evangelii gaudium»ը («Աւետարանի Ուրախութիւնը») Ֆրանչիսկոս Պապի առաջին առաքելական յորդորագիրն է, որ հրատարակուած է 24 Նոյեմբեր 2013-ին: Նկատուելով իր քահանայապետութեան իսկական ծրագրային փաստաթուղթը, յորդորագիրը կը գծագրէ «դէպի դուրս ելլող», զօրեղօրէն առաքելական, աղքատ եւ ժողովուրդին մօտիկ Կաթողիկէ Եկեղեցիի մը տեսլականը:
Ունկնդրէ զրոյցը

3. Հովուական Յորդորին մէջ շեշտ դրուած է նաեւ «Դուրս Եկող» Առաքեալ (Միսիոնար) Եկեղեցւոյ գաղափարը, կրնա՞ք յստակցնել այս գաղափարը:

«Առաքեալ աշակերտ»-ի արտայայտութիւնը կը գործածուի ամբողջ փաստաթուղթին մէջ։ Այս երկու եզրերը միասին կը գործածուին ընդգծելու համար՝ թէ՛ մեր Տիրոջ հետ անձնական յարաբերութեան անհրաժեշտութիւնը, եւ թէ՛ Աւետարանը քարոզելու համար ծայրամասեր երթալու կոչումը։ Սրբազան Քահանայապետը կը բացատրէ ըսելով՝ «Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ ամէն մկրտուած անհատ անդամ կոչուած է աւետարանելու եւ կոչուած է նաեւ ըլլալու առաքեալ աշակերտ մը։» 

«Մկրտութեան շնորհիւ Աստուծոյ Ժողովուրդին բոլոր անդամները դարձած են առաքեալ աշակերտներ (Մտթ. 28,19)։ Բոլոր մկրտուածները, ինչ ալ ըլլայ իրենց դիրքը Եկեղեցւոյ մէջ կամ անոնց հաւատքի գիտելիքին խորութեան աստիճանը, աւետարանացման գործակիցներ են» (#120)։

«Այն ինչ որ կ’ուզեմ առաջարկել, շատ աւելի կը համապատասխանէ աւետարանական զատորոշումի ուղիին։ Ասիկա առաքեալ աշակերտին մօտեցումն է, մօտեցում մը, որ ‘կը սնանի Սուրբ Հոգիին լոյսով եւ զօրութեամբ’» (#51)։ 

«Եկեղեցին ինքնին առաքեալ աշակերտ է» (#40)։

Հովուական Յորդորին մէջ՝ Քահանայապետը կը հրաւիրէ Եկեղեցին արմատական դարձի՝ ինքնակեդրոն վիճակէն դէպի մշտապէս դուրս եկող առաքելական կեանքի։ Եկեղեցին չի կրնար փակուիլ վարչական հոգերով կամ ներքին հարցերով, այլ կոչուած է հասնելու հեռացածներուն, մոռցուածներուն եւ վիրաւորուածներուն։ 

Այս առաքելական դարձը քաջութիւն կը պահանջէ։ Կառոյցները, սովորութիւնները եւ հովուական ձեւերը պէտք է վերանորոգուին համապատասխանելու համար այս հարցումին՝ «արդեօք անոնք կը ծառայե՞ն աւետարանացման»։ Պապը կը նախընտրէ «վիրաւորուած, բայց դուրս եկած» Եկեղեցի մը, քան ապահովութեան մէջ փակուած Եկեղեցի մը։

Դուրս երթալ նաեւ կը նշանակէ ուղեկցիլ մարդոց։ Աւետարանացումը տեղի կ՚ունենայ համբերատար քայլելով ընդանալով մարդոց հետ, լսելով անոնց պատմութիւնը եւ վստահելով Աստուծոյ շնորհքին, որ դանդաղաբար բայց ապահով կերպով կը գործէ։ Այս կերպով Եկեղեցին կը նմանի Քրիստոսին, որ մշտապէս մօտեցաւ մեղաւորներուն եւ ընկերային հասարակութեան կողմէ ծայրամասերու լուսանցքուած մարդոց։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/08/2026, 09:20