2026.07.23 Sua Eccellenza Mons Mikael Mouradian

Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» հովուական յորդորը (Բ)

«Evangelii gaudium»ը («Աւետարանի Ուրախութիւնը») Ֆրանչիսկոս Պապի առաջին առաքելական յորդորագիրն է, որ հրատարակուած է 24 Նոյեմբեր 2013-ին: Նկատուելով իր քահանայապետութեան իսկական ծրագրային փաստաթուղթը, յորդորագիրը կը գծագրէ «դէպի դուրս ելլող», զօրեղօրէն առաքելական, աղքատ եւ ժողովուրդին մօտիկ Կաթողիկէ Եկեղեցիի մը տեսլականը:
Ունկնդրէ զրոյցը

2. Ի՞նչ բանը կամ Ո՞վ է աղբիւրը այս Աւետարանացումին

Աւետարանող եկեղեցական համայնքը կը գիտակցի, թէ Տէրը ինք առած է նախաձեռնութիւնը, Ան նախ սիրեց մեզ (հմմտ. Ա Յովհ. 4,19), եւ այդ պատճառով մենք կրնանք առաջ շարժիլ, համարձակօրէն նախաձեռնութիւն առնել, դուրս գալ դէպի ուրիշներ, որոնել հեռացածները, կանգնիլ խաչմերուկներուն վրայ եւ ընդունիլ մերժուածները։ 

Հովուական Յորդորին 8րդ պարբերոպթեան մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Մենք կ’ազատագրուինք մեր նեղմտութենէն եւ ինքնակեդրոնացումէն միայն՝ Աստուծոյ սիրոյն հետ մեր ստացած նորոգուած հանդիպումին շնորհիւ, որ կը ծաղկի իբրեւ հարստացուցիչ բարեկամութիւն։ Մենք լիովին մարդ կը դառնանք, երբ մարդէն աւելի կ’ըլլանք, երբ կ’արտօնենք, որ Աստուած մեզ՝ մեր եսակեդրոնացումէն դուրս բերէ, հասնելու համար մեր գոյութեան ամբողջական ճշմարտութեան։ Այստեղ կը գտնենք աղբիւրն ու ներշնչումը մեր աւետարանչական բոլոր ջանքերուն։ Որովհետեւ եթէ ընդունած ենք այն սէրը, որ մեր կեանքին իմաստը կը վերականգնէ, ինչպէ՞ս կրնանք չկիսել այդ սէրը եւ ուրախութիւնը ուրիշներուն հետ։»

Հետեւաբար Աստուծոյ սիրոյն արարկան ըլլալու ուրախութիւնը կը դառնայ առաջին քարոզութիւնը։ Մարդիկ կը մօտենան հաւատքին ոչ միայն խօսքերով, այլ փոխակերպուած կեանքերու վկայութեամբ։ Եկեղեցին կը գոյատեւէ՝ հռչակելու համար, թէ Աստուծոյ սէրը կը կանխէ ամէն մարդկային ջանք եւ փրկութիւնը անվճար պարգեւ է բոլորին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 07:32