Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան կը բացատրէ Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» հովուական յորդորը (Ա)
1. Ո՞րն է Աւետարանի Հիմնական Հռչակումը (Քերիկմա)
Ֆրանչիսկոս Պապին համար աւետարանացումը կը սկսի Աւետարանի հիմնական պատգամը փոխանցելով։
[Քերիկմա (kèrigma, kèrygma, cherigma) – Նոր Կտակարանին մէջ կը նշանակէ Աւետարանի հռչակումը անհաւատներուն։ Ան կը դրսեւորուի երկու հանգրուաններով․ նախ՝ երկրային Յիսուսը կը հռչակէ Աստուծոյ Արքայութիւնը (Մատթէոս 4, 17–23)․ ապա՝ Զատկական դէպքերէն յետոյ Եկեղեցին կը հռչակէ Յիսուսի մահն ու յարութիւնը (Գործք Առաքելոց 9,20․ Ա Կորնթացիս 1,21 եւ 15,11)։]
«Քրիստոնէական ուսուցման մէջ եւս մենք վերագտանք առաջին հռչակման՝ այսինքն Քերիկմայի հիմնական դերը, որ պէտք է ըլլայ ամէն աւետարանչական գործունէութեան եւ Եկեղեցւոյ նորոգման բոլոր ջանքերուն կեդրոնը… Քարոզիչին շրթունքներուն վրայ առաջին հռչակումը պէտք է կրկին ու կրկին հնչէ․ “Յիսուս Քրիստոս կը սիրէ քեզ. Ան Իր կեանքը տուաւ քեզ փրկելու համար, եւ այժմ ամէն օր կ’ապրի քու կողքիդ՝ քեզ լուսաւորելու, զօրացնելու եւ ազատագրելու համար”» (#164)։
Ապա ան կը շեշտէ Քերիկմայի կարեւորութիւնը քրիստոնեայի ամբողջ կեանքին ընթացքին․
«Ան առաջինն է որակական իմաստով, որովհետեւ գլխաւոր հռչակումն է՝ այն պատգամը, զոր մենք պէտք է կրկին ու կրկին լսենք տարբեր ձեւերով, եւ զոր պէտք է հռչակենք այս կամ այն կերպով քարոզչութեան ամբողջ ընթացքին մէջ՝ ամէն մակարդակի եւ ամէն պահու» (#164)։
Յորդորին երրորդ պարբերութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը յայտարարէ․
«Կը հրաւիրեմ բոլոր քրիստոնեաները, ամէն տեղ, ճիշտ այս պահուն, նորոգուած անձնական հանդիպում մը ունենալու Յիսուս Քրիստոսի հետ, կամ առնուազն տրամադիր ըլլալու՝ որպէսզի Ան՝ Քրիստոսը հանդիպի իրենց։» Սրբազան Քահանայապետը կ’աւելցնէ ըսելով՝ «Կը խնդրեմ ձեզմէ բոլորէդ՝ այս մէկը ամէն օր անխափանօրէն կատարել։ Ոչ ոք պէտք է կարծէ, թէ այս հրաւէրը իրեն չի վերաբերիր, որովհետեւ “ոչ ոք բացառուած է Տիրոջ բերած ուրախութենէն”» (#3)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.