Որոնել

Սպանիա, Մարոք, Գաղթական Սպանիա, Մարոք, Գաղթական  (AFP or licensors)

Սպանիոյ Եկեղեցին մարդասիրական արձագանգ կը պահանջէ Սէութայի գաղթականական ճգնաժամին

Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համագումար դասի Գաղթականներու բաժանմունքը Սէութայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը որակեց մարդասիրական ճգնաժամ եւ կոչ ուղղեց, որ գաղթականներուն նկատմամբ արձագանգը հիմնուի մարդկային արժանապատուութեան, իրաւունքներուն եւ օրէնքի յարգանքին վրայ։ Քատիսի եւ Սէութայի թեմը իր ընդունելութեան կեդրոնները տրամադրեց խոցելի գաղթականներուն, իսկ եկեղեցին մերժեց ճգնաժամը քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձնելու փորձերը։

Վատիկան Նիւզ- Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք Դասի Գաղթականներու բաժանմունքի տնօրէն Հայր Ֆերնանտօ Ռետոնտօ Փաւոն կոչ ուղղեց, որ Սէութայի մէջ ստեղծուած գաղթականական իրավիճակին արձագանգը հիմնուի մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին եւ գործող օրէնսդրութեան վրայ՝ ընդգծելով, թէ ներկայ կացութիւնը միայն գաղթականական չէ, այլեւ լուրջ մարդասիրական ճգնաժամ է։

Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, թէ օրեր առաջ Սէութա արձանագրուած է գաղթականներու աննախադէպ եւ անվերահսկելի մուտք, որ մարդկային ծանր հետեւանքներ ունեցած է՝ արձանագրուելով զոհեր եւ անհետ կորսուածներ։ Ան նաեւ նշեց, թէ տեղւոյն բնակչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն՝ զգալով, որ իրավիճակը կը գերազանցէ իր կարելիութիւնները։

Ստեղծուած արտակարգ պայմաններուն ի տես, Քատիսի եւ Սէութայի թեմը իր տրամադրութեան տակ եղող ընդունելութեան կեդրոնները տրամադրած է քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ գաղթականներուն՝ յատկապէս աջակցելու հիւանդ, վիրաւոր եւ այլ խոցելի անձերու։ Միեւնոյն ժամանակ, Սէութայի ծուխերը յայտարարեցին, թէ շաբաթավերջի Սուրբ Պատարագներու հաւաքագրութիւնները պիտի յատկացուին վերջին օրերուն քաղաք հասած գաղթականներուն օգնութեան եւ ընկերակցութեան։

Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Գաղթականներու բաժանմունքը հրապարակած է նաեւ յայտարարութիւն մը, ուր կը շեշտուի, թէ ճգնաժամի լուծման ուղղուած բոլոր միջոցները պէտք է լիովին համապատասխանեն օրէնքին եւ երաշխաւորեն գաղթականներուն նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունք։

Հայր Ռետոնտօ նաեւ կոչ ուղղեց, որ ստեղծուած իրավիճակը չօգտագործուի քաղաքական շահարկումներու կամ կուսակցական հակադրութիւններու համար։ Ան մերժեց այն պնդումները, թէ գաղթականներու վերջին հոսքը կապ ունի ամիսներ առաջ հաստատուած արտակարգ օրինականացման գործընթացին հետ՝ յիշեցնելով, որ նման ճգնաժամ մը Սէութայի մէջ արձանագրուած էր նաեւ 2021-ին, երբ նման միջոց գոյութիւն չունէր։ Ըստ անոր, օրինականացման գործընթացը հազարաւոր անձերու հնարաւորութիւն տուած է դուրս գալու անօրինական կարգավիճակէն, աշխատանք գտնելու եւ աւելի լիարժէք կերպով համարկուելու իսպանական հասարակութեան մէջ։

«Մեր բոլոր ջանքերուն կեդրոնը պէտք է մնայ մարդուն արժանապատուութեան եւ հիմնարար իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը», ընդգծեց Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Գաղթականներու բաժանմունքի տնօրէնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/08/2026, 09:00