«Հետեւիլ Գառնուկին Բաբելոնի շուքին ներքեւ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Աստուածաշունչին մէջ ժամանակավրէպ կը սեպուէր քաղաքականութեան, տնտեսութեան կամ նոյնիսկ կրօնքի մասին խօսիլը որպէս իրարմէ անջատ իրականութիւններ։ Այս ճշմարտութեանց իրարմէ անջատելու տրամաբանութիւնը արդի մտածելակերպ է, զոր ներկայիս կը հրամցուի եւ կը պարտադրուի մարդկութեան վրայ:
Այս խորհուրդը մեզի կը բերէ Յայտնութեան գրքին 18-րդ գլխուն։ Ս. Յովհաննէս աւետարանիչ սարսռազդու մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ «Բաբելոն Մեծ Պոռնիկին» անկումը։ Երկրի թագաւորները կու լան. վաճառականները կու լան. նոյնիսկ նաւապետներն ու նաւաստիները կու լան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ իրենց առեւտուրը կը փլուզուի։ Յայտնութիւն 18-ը դամբանական ողբ մըն է Բաբելոնի համաշխարհային տնտեսութեան համար։ Երբ Բաբելոն կ'ինայ, թագաւորներն ու վաճառականներն բոլորն ալ կ՛ողբան։ Ոչ թէ արդարութիւն համար, այլ որովհետեւ փլուզուեցաւ այն համակարգը, որ զիրենք հարստացուցած էր։ Բայց երկինքը ողբերգ չերգեր։ Երկինքը չի սգար։ Երկինքը կը տօնախմբէ. «Ուրախացի՛ր անոր վրայ, ո՛վ երկինք, եւ դո՛ւք, սուրբեր, առաքեալնե՛ր եւ մարգարէնե՛ր, վասն զի Աստուած ձեր դատաստանը տեսաւ անկէ» (Յայտ. 18:20) ։ Երկնքի եւ երկրի միջեւ եղած հակադրութիւնը չէր կրնար աւելի ցայտուն ըլլալ։ Երկինքը կը տօնէ այն ինչ որ երկիրը կ'ողբայ: «Ու երկրին վաճառականները պիտի ողբան ու սուգ ընեն անոր վրայ. վասն զի ալ մէկը ծախու պիտի չառնէ անոնց վաճառքը, ոսկիի ու արծաթի եւ պատուական քարերու ու մարգարիտներու եւ բեհեզի ու ծիրանիի եւ մետաքսի ու որդան կարմիրի վաճառքը եւ խունկի փայտերը ու փղոսկրեայ ամանները եւ պատուական փայտէ ու պղնձէ եւ երկաթէ ու մարմարիոնէ ամանները, եւ կինամոնը եւ խունկերը ու անուշահոտ իւղը ու կնդրուկը եւ գինին ու ձէթը եւ նաշիհը ու ցորենը եւ արջառները ու ոչխարները եւ ձիերը ու կառքերը... » (Յայտ. 18: 11-12): Բայց ապա կու գայ ցուցակին վերջին՝ սարսափազդու կէտը, ուր Ս. Յովհաննէս կը գրէ. «եւ մարմինները ու մարդոց հոգիները» (Յայտ. 18:13): Կայսրութիւններ եւ քաղաքական իշխանութիւններ պարզապէս ապրանքներու առեւտուր չէ որ կ'ընեն. այլ նաեւ մարդոց հոգեւոր եւ մարմնաւոր գերութեամբ է, որ կը զբաղին:
Յայտնութեան գիրքը կը մերկացնէ այն սարսափելի իրականութիւնը, որ աշխարհը կը նկատէ մարդկութիւնը իբրեւ սեփականութիւն կամ ապրանք իր տնտեսութեան մէջ: Երբ քաղաքական իշխանութիւնը, տնտեսական շահագործումն ու հոգեւոր կռապաշտութիւնը կը միաձուլուին, արդիւնքը կ՛ըլլայ Բաբելոնը։ Թագաւորները կ'իշխեն. վաճառականները կը շահին. նաւերը ապրանքներ կը փոխադրեն։ Իսկ հաշուեցուցակին ամենավարի տողին մէջ կը յայտնուին «մարդոց մարմիններն ու հոգիները»։
Որովհետեւ մարդկութիւնը կը կրէ Աստուծոյ պատկերը, կը գրէ Գրիգոր Նիսացին, ոչ մէկ մարդկային էակ կրնայ վերածուիլ սեփականութեան՝ գերիի մը։ Մարդիկ ապրանք չեն։ Հոգիները ծախու ապրանքներ չեն։ Ստրկութիւնը մեծ չարիք մըն է։ Սակայն Բաբելոնը միշտ ունի իր տրամաբանութիւնը։ Անիկա միշտ ձեւ մը կը գտնէ աներեւակայելին բնական ցոյց տալու։ Ս. Յովհաննէս մեզի ակնարկ մը կու տայ, թէ ինչպէս կը գործէ այս համակարգը. «Երկրի վաճառականները հարստացան անոր շքեղութեան (luxe) զօրութենէն» (Յայտ. 18:3)։ Շքեղութիւնը ( luxury / luxe) պարզապէս ապրելակերպ մը չէ։ Բաբելոնի մէջ անիկա կը վերածուի զօրութեան : Ամբողջ համակարգը կը շարժի շքեղութեան այդ զօրութեամբ: Ս. Յովհաննէսի համար շքեղութիւնը բնաւ պարզ հանգիստ կամ հանգստաւէտութիւն չէ։ Անիկա այն մղիչ ուժն է, որ կը կլանէ ու կը սպառէ մարդկութիւնը: Վաճառականները կը հարստանան. թագաւորները կը զօրանան. իսկ ժողովուրդը կը փորձէ ընդօրինակել եւ նմանիլ։ Ամբողջ համակարգը կը գործէ մրցակցութեան, նախանձի եւ ոխակալութեան վրայ։ Նոր Կտակարանը այս ուժերը կը կոչէ “իշխանութիւններ եւ պետութիւններ”։ Անոնք պարզապէս կառավարութիւններ կամ շահամոլ վաճառականներ չեն. անոնք հոգեւոր համակարգեր են, որոնց մէջ իշխանութիւնը, դրամն ու նոյնիսկ կրօններ զիրար կը զօրացնեն: Յայտնութեան գիրքին մէջ Աստուծոյ յաղթանակը չի յայտնուիր աշխարհիկ՝քաղաքական զօրութեան ձեւով։ Անիկա կը յայտնուիր խաչեալ Մեսիային մէջ։ Գառնուկը կը յաղթէ Գազանին՝ մերկացնելով կայսերական իշխանութեան սիրտին մէջ թաքնուած սուտը։ Բաբելոնը միշտ անհամեմատելի ու անխոցելի կը թուի, մինչեւ իր կործանման ժամը: Մարդկային պատմութեան մէկ ակնթարթին մէջ, Բաբելոնը կը փլուզուի: Որովհետեւ ի վերջոյ, մորթուած Գառնուկն է՝ եւ ոչ թէ Գազանը, որ կ'իշխէ պատմութեան վրայ, ինչպէս հրեշտակը կը հռչակէ Ս. Յովհաննէսին:
Ի վերջոյ, ասիկա է եկեղեցւոյ կոչումը որեւէ կայսրութեան տակ՝ հետեւիլ մորթուած Գառնուկին, ուր որ ալ երթայ ան եւ սորվեցնել ժողովուրդին տեսնել այս յաւիտենական ճշմարտութիւնը (Յայտնութիւն 14:4)։
Փառք Գառնուկին, որ պատարագուեցաւ մեզի համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.