Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (100)
Ճ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:
Մեր շարականներուն մէջ շատ անգամ «անարատ և անապական բառերը իրենց երկու տարբեր իմաստներով իրարու կը հանդիպին, ուր «անարատ ծնանիլ» կրնայ նշանակել անսերմ կուսաբար ծանանիլ, իսկ «անապականը»՝ մաքուր, անմեղանչական: Այս նոյն զանազանութիւնը նաեւ հետեւեալ շարականին մէջ կը տեսնենք. «Մարիամ Կոյս անարատ, զանապական փեսայդ աղաչեա, զի հաշտեսցէ ընդ այրի եղեալ հոգիս»: Մարիամ «Կոյս անարատ» կոչուած է, իսկ փեսան՝ անապական: Երկու բառերուն իմաստները իրարմէ կը զանազանուին ու կը յստականան: Զանապական Կոյսն Մարիամ Աստուածածին խոստովանի սուրբ Եկեղեցի, ուստի տուաւ հացն անմահութեան և բաժակ մեր ուրախարար»:
«Աղաչանօք Աստուածածնին, անապական քում ծնողին»: «Նոր սքանչելիք Կուսի ծնանիլ Աստուած և մարդ, անապական մնալով կուսական որովայնին»: Իսկ Քրիստոս որմէ՞ կ'առնէ իր անապական մարմինը. մեղուցեալ Կոյսէ՞ն. Ո՛չ, այլ «անապական Կուսէ», ուր «անապական» բառը կը հակադրուի «մեղուցեալ» բառին հետ: Յետագային նոյն միտքը կը շարունակուի նաեւ «անապականաբար» բառով. Քրիստոս «ի քերովբէս բազմեալ ընդ Հօր՝ անապականաբար հաճեցաւ բնակիլ ի քում յորովայնի»: Այստեղ «անապականաբար» մակբայը՝ Յիսուսի ծնանելուն մասին է և միշտ կ'ընկերակցի «բնակեցաւ» կամ անոր համապատասխանող բային: Քրիստոս ինչպէ՞ս կրնայ «անապականաբար բնակիլ»:
Առանց մեղքի՞ թէ առանց մարդկային սերմի բնակեցաւ: «Բնակիլ» բայը «փոխանակ ծնանիլ բային)՝ աւելի կը թելադրէ անմեղանչականութեան միտքը, քանի որ խօսքը Քրիստոսի մասին է: «Ուրախ լեր, Հարսն երկնային, Կոյս անապական»: «Եկեղեցի սուրբ տօնէ ուրախութեամբ զյիշատակ անապական անարատ Կուսի Աստուածամօր»: Այստեղ կոյս և անապական միատեղ կը գործածուին, բայց կ'արտայայտեն երկու բառերուն ետին գտնուող իրարմէ տարբեր երկու միտքեր. Կուսութիւնը կ'ակնարկէ անսերմ մայրութեան, իսկ անապականութիւնը՝ անմեղանչական աստուածամայրութեան: Տիրամայրը ներկայացուած է նաեւ տաճարի պատկերին տակ, ուր «անարատ» բառն ալ գործածուած է նոյն պատկերին հետ: Նախապէս ըսուած էր «անարատ տաճար», այժմ կ'ըսուի «անապական տաճար»: Երկու պատկերները իրարու կրկնութիւնը չեն, այլ դաւանաբանական զարգացումի արտայայտութիւնը կը դառնան:
Մեր շարականներուն մէջ՝ «անարատ տաճար»ը կուսութեան ֆիզիքական մարզի մէջ կը մնայ, իսկ «անապական տաճար»ը՝ բարոյական մարզի ու շնորհազարդումի իմաստի կը հակի: «Գանձ անապական գտար, Ս. Աստուածածին»: «Մաքրազարդել» բայը կը նշանակէ մաքրելէ զատ, նաեւ զարդարել: «Մաքրազարդել» կ'ուզէ նշանակել եօթնարփեան շնորհներու պարգեւած սրբութիւնը Մարիամի հոգիին: Անիկա արդիւնքն է Ս. Հոգիէն «հովանացեալ» ըլլալու իմաստին: Ան աւելի է քան անսերմութեան իմաստը: «ԶՀոգին բարեբանենք, որ մաքրազարդեաց զմարմանարան Որդւոյն»: Ս. Հոգին որուն համար Մարիամ Աստուածամայրը կը հանդիսանայ «ընդունարան եօթնարփեան շնորհաց»: Մեր շարականները կը հասնին դաւանելու, թէ Մարիամ ո՛չ միայն անարատ է անսերմի իմաստով, ո՛չ միայն անարատ ու անապական է ընդհանրապէս մեղքի նկատմամբ, այլ նաեւ Աստուծոյ յատուկ կարգադրութեամբ՝ անարատ է Ադամի սկզբնական մեղքին նկատմամբ: Մարիամի այս մեղքէ զերծութեան ընդհանուր գաղափարը կ'ընդարձակուի դարձեալ շարականներուն մէջ գտնուող ուրիշ պատկերներու ապացոյցով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.