Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (99)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:

ՂԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:

Շարականագիրները «Անապական» բառը Տիրամօր համար ալ կը սկսին գործածել, որ կը մատնանշէ Մարիամի անմեղանչականութիւնը: «Ապականութիւնը իր սկզբնական իմաստով նշանակած է մահ, եւ ինչ որ մահուան կը տանի, ինչ ոէ կը փճացնէ: Մեր շարականներուն մէջ ինչ որ «անապական» կը կոչուի՝ անեղծ է, անվթար է, անարատ է, անփուտ է, անախտ է, անմահ է, յաւերժ է, ըստ պարագաներու: «Անապական» բառը երկնաւոր յատկութեան կը վերաբերի, ոչ թէ երկրաւորի:

Մեր շարականները «անապական» բառը եւս գործածած Յիսուսին, անոր խորհուրդներուն մասին: Մեր շարականները Տիրամայրն ալ կոչած են «անապական», Տիրամօր ալ վերագրելով այն բոլոր յատկանիշները և արժանիքները, զորս կ'ընդգրկէ և կը նշանակէ «անապական» բառին իմաստը մեր շարականներուն մէջ: Քրիստոսի մարմինը «անապական» կոչուած է, հակադրութեամբ մարդուն մարմնին, որ փճանալի և մահկանացու է. «Անապական մարմնով ծնար ի սուրբ Կուսէն»:

«Զանապական զաստուածացեալ մարմինդ, պատեալ սուրբ կտաւօք և եթ ի գերեզմանի», այստեղ անապական և աստուածացեալ բառերը իրար կ'ընդգրկեն, ուր անապականութեան պատճառ կ'ըլլայ Քրիստոսի աստուածութիւնը: Անապականութիւնը կը հակադրուի մահուան փտութեան և կը նշանակէ անմահութիւն: «Անապական լոյս». լոյսը կոչուած է անապական, որպէս խորհրդանիշ աստուածային սրբութեան:

Ս. Խաչը կը կոչուի անապական. «Անապական սուրբ խաչն օրհնեսցուք»: Ս. Եկեղեցին կը կոչուի «քաղաք Աստուծոյ և տաճար անապական», իբր Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինը: Տիրամայրը «անապական» է, որովհետեւ մեղքին գործած ու ապականութենէն զերծ է: Ուստի «անապական» բառին գործածումը Տիրամօր համար՝ մեծ նուաճում մը կը հանդիսանայ «անարատ» կամ «կոյս» նախկին բառերուն նկատմամբ, ուր շարականները մարմնաւոր անբծութիւն արտայայտող բառէն կ'անցնին հոգեւոր անմեղանչականութեան: Նկատելու է որ մեր շարականները Ս. Կոյսը անապական կը կոչեն ամէն անգամ որ կը խօսին Քրիստոսին մարդանալուն մասին, որ մարդանալով՝ առաւ «մեղուցեալ նախաստեղծին» մարմինը:

Մեր շարականներուն համար կարծէք պախապայման է, որ Մարիամ «անապական» կոչուի՝ Յիսուսին ծնունդ չտուած: Մեր հայրերը ԱՁ Մեծացուսցէ շարականներէն մէկուն մէջ կը գրեն. «Մարգարէները քեզ անկէզ մորենի, վիմածին լեռ, փակ դուռ եւ կնքուած աղբիւր գուշակեցին, ո՜վ մայր եւ կոյս, հոգեւոր երգով քեզ կը բարեբանենք եւ քու Միածին Որդիդ կը փառաւորենք»: Ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, մենք Աստուծոյ հոգիին տաճարներն ենք: Բայց առաջին մարմնաւոր տաճարը Ս. Կոյս Մարիամն էր, որովհետեւ Ինք իր մէջ կրեց մարմնացեալ հաւատքը, սէրը, յոյսը, Աստուածորդին, խաղաղութիւնը եւ մեր բոլորին հանգստարան` Փրկիչը:

Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին» (Ա.Կոր 6,19): Մենք Սուրբ Հոգւոյն տաճարները դարձանք` շնորհիւ Սուրբ Աստուածամօր: Հայոց քերթողահայր Մովսէս Խորենացին այս մասին հետեւեալը կը գրէ. «Սուրբ Կոյս Մարիամ, Աստուծոյ անճառելի Բանին անարատ տաճար եւ բնակարան, քեզ եւ քեզմէ ծնածը կը մեծարենք»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/08/2026, 08:30