Որոնել

2026.08.11 Suor Theobiste Marie Bedrosian

Լիբանան. Ի Տէր հանգեաւ Քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեան

Քոյր Թէոպիստէ իր կեանքը նուիրած էր Աստուծոյ ծառայութեան, աղօթքի եւ միաբանական առաքելութեան՝ տարիներ շարունակ իր հաւատքով ու նուիրումով ծառայելով Միաբանութեան եւ իրեն վստահուած հոգեւոր ընտանիքին։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ին, իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նուիրեալ անդամներէն՝ Քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեան։

Քոյր Թէոպիստէ իր կեանքը նուիրած էր Աստուծոյ ծառայութեան, աղօթքի եւ միաբանական առաքելութեան՝ տարիներ շարունակ իր հաւատքով ու նուիրումով ծառայելով Միաբանութեան եւ իրեն վստահուած հոգեւոր ընտանիքին։

Հանգուցեալին մեկնումը սուգի մատնեց Միաբանութեան քոյրերը, ընտանիքը, հարազատներն ու բարեկամները, որոնք իրենց մխիթարութիւնը կը գտնեն Քրիստոսի Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի քրիստոնէական յոյսին մէջ։

Քոյր Թէոպիստէի եկեղեցական կարգը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, 10 Օգոստոսին, Զմմառու «Նախախնամութեան Տան» վանքի մատրան մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը ամփոփուեցաւ Միաբանութեան գերեզմանատան մէջ։

Հոգին լուսաւոր, յիշատակն՝ օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 06:57