Իրաքի Քաղդէացւոց նոր Պատրիարքը՝ Պօլիս Գ. Նոնա Իրաքի Քաղդէացւոց նոր Պատրիարքը՝ Պօլիս Գ. Նոնա  (AFP or licensors)

Իրաք. Քաղդէացիներու նոր Պատրիարքը՝ «Ամենամեծ մարտահրաւէրը քրիստոնեաներու վերադարձն է»

Այսօրուան Իրաքի մէջ ապահովական վիճակը ընդհանուր առմամբ բարելաւուած է ՏԱՀԵՇ-ի (ISIS) ներկայութեան տարիներուն համեմատ, սակայն կանոնաւոր կերպով կը պահպանուին տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ծանր խնդիրները։ Կաշառակերութիւնը, գործազրկութիւնը եւ տարածաշրջանային անկայունութիւնը, որ աւելի սրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան պատճառով, կը շարունակեն ծանրանալ ժողովուրդին վրայ, նշած է ի միջի այլոց Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիոուզ - Հայկական Բաժանմունք

Իրաքի Քաղդէացւոց նոր Պատրիարքը՝ Պօլիս Գ. Նոնա, Ռատիովատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Իրաքի ապագային եւ, մասնաւորաբար, երիտասարդութեան ու քրիստոնեայ համայնքներու կացութեան գծով։

Պատրիարքին համաձայն, ամենալուրջ խնդիրը ապագայի հանդէպ յոյսի կորուստն է, որ շատ մը երիտասարդներ կը մղէ հեռու մնալու հանրային կեանքէն, ընտանիք չկազմելու եւ, յատկապէս քրիստոնեաներու պարագային, արտագաղթը ընտրելու։

Այսօրուան Իրաքի մէջ ապահովական վիճակը ընդհանուր առմամբ բարելաւուած է ՏԱՀԵՇ-ի (ISIS) ներկայութեան տարիներուն համեմատ, սակայն կանոնաւոր կերպով կը պահպանուին տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ծանր խնդիրները։ Կաշառակերութիւնը, գործազրկութիւնը եւ տարածաշրջանային անկայունութիւնը, որ աւելի սրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան պատճառով, կը շարունակեն ծանրանալ ժողովուրդին վրայ, նշած է ի միջի այլոց Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ Նինուէի դաշտավայրի քրիստոնեաներու մասին, որոնք 12 տարիներ առաջ ստիպուած եղան զանգուածաբար փախչիլ 6-էն 7 Օգոստոս 2014-ի գիշերը, Իսլամական Պետութեան յառաջխաղացման ընթացքին։ Պօլիս Գ. Նոնա, որ այն ատեն Մոսուլի քաղդէացւոց արքեպիսկոպոսն էր, յիշեց այդ ողբերգական ժամերը՝ նշանաւորուած ահով եւ հազարաւոր ընտանիքներու փախուստով։

Այսօր բազմաթիւ բնակարաններ եւ ենթակառուցուածքներ վերակառուցուած են, սակայն քրիստոնեաներու վերադարձը տակաւին սահմանափակ է։ Շատեր արտասահման գաղթած են, իսկ ուրիշներ փոխադրուած են աւելի ապահով նկատուած շրջաններ։ Պատրիարքին համար իսկական մարտահրաւէրը լոկ նիւթական վերականգնումը չէ, այլ այնպիսի պայմաններու ստեղծումը, որպէսզի քրիստոնեաները կարենան վերադառնալ եւ ապրիլ իրենց հողերուն վրայ՝ ապահովութեամբ, աշխատանքով, ազատութեամբ եւ ապագայի հանդէպ վստահութեամբ։

Կարեւոր ազդանշան մըն է իրաքցի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու միջեւ գործակցութեան վերսկսումը, որոնք Օգոստոս 28-ին դարձեալ պիտի համախմբուին Անքաւայի մէջ՝ 2021-ին սկսած ընդմիջումէ մը ետք։ Նպատակը պիտի ըլլայ եկեղեցիներու միութեան ամրապնդումը եւ երկրին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը պաշտպանելու նոր ռազմավարութիւններու որոնումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/08/2026, 12:51