Որոնել

2026.08.13 Inaugurazione mostra dedicata ai 255° anniversario della Chiesa Dell'Assunta del convento di Bzommar

«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն» ցուցահանդէսը նուիրուած Զմմառու Մայրավանքի «Փոխման Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ կառուցումին 255 ամեակին

«Ոգեւղէն Աւանդի Վկայութիւն» թեմայով ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի 16 օգոստոս 2026 թուական, ուր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին Հայրապետական պատարագէն ետք, ներկաները առիթը պիտի ունենան այցելելու եւ իրազէկ դառնալու դարերէ ի վեր Զմմառու մայրավանքին մէջ նախանձախնդրութեամբ պահպանուած գանձերուն։

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքի կամարներուն ներքեւ, հոգեւոր եւ մշակութային վերածնունդի խորհրդանշական մթնոլորտի մէջ, 12 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ «Փոխման Ս. Կուսին» մայր եկեղեցւոյ կառուցումին 255 ամեայ յոբելեանը՝ «Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն»-ը թեմայով հարուստ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումով։

Բարձր հովանաւորութեամբ՝ ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքի, պատուոյ ներկայութեամբ՝ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարուհի՝ Տիկ. Լորա Լահուտ Խազէնի, պետական գործիչներու, հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, ազգային, կուսակցական, միութենական, հնագիտական կեդրոններու մասնագէտերու, լրատուամիջոցներու,վարժարաններու տնօրէններու, բարձրաստիճան եւ ընտրանի հրաւիրեալներու։

Հայկական աւանդութեան համաձայն, երկու պարմանուհիներու հայկական ասեղծագործ տարազներ զգեստաւորուած աղն ու հացով հիւրընկալեցին պաշտօնական անձնաւորութիւնները, որմէ ետք սկիզբ առաւ օրուան հանդիսութիւնը։

«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն»  ցուցահանդէսի բացումը
«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն» ցուցահանդէսի բացումը

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորութեանն ու 1771 թուականէն ի վեր կանգնած մայրավանքի մայր եկեղեցին՝ որպէս հաւատքի տապան, կը շարունակէ իր կամարներուն տակ պահպանել հայոց հոգեւոր աւանդն ու Զմմառեան միաբան հայրերուն առաքելութիւնները, զորս կը շարունակեն հոսիլ աշխարհի ամբողջ տարածքին՝ հոն ուր կը կանչուին, որպէսզի «այլ ոմն Քրիստոս» անոնք քարոզեն եւ սերունդներ կերտեն։

Ապա, Զմմառու փոխ մեծաւոր, թանգարանապետ եւ գրադարանապետ՝ հ. Նարեկ Վ. Լուիսեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ընդգծելով 1749-ին կառուցուած առաջին մայրավանքին եւ 1771-ին օծուած անոր մայր Եկեղեցւոյ առանցքային դերը հայ հոգեւոր-մշակոյթային ժառանգութեան փրկութեան գործին մէջ. ան աւելցուց՝ «... տեսէ՛ք ժայռին վրայ վիմացած ամրակուռ Զմմառու հնադարեան եկեղեցին՝ Մասիսանման զոյգ գմբէթներով, որոնք կը խօսին հայ դարերէն, հայ ոգիի ու մտքի ճգնութենէն...», ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Վանքի քարերուն վրայ տասնհինգ Զմմառու նահատակ միաբաններու բացուած վէրքեր կան, ինչպէս Յիսուսի խաչափայտին վրայ մխուած բեւեռներ»։ Ան հրաւիրեց ներկաները ունկնդրելու «հոգիացեալ քարերու» լուռ, բայց վեհացնող ձայնը, որ պիտի մնայ լուսաւոր ջահ ու անսանան ուխտավայր։

Արաբերէն լեզուով խօսք առաւ հնագէտ՝ Տ. Մարի Ապի Լամաա, որ անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորութեանն ու իմաստին, բացատրելով կատարուած ընտրութիւնները, Տիրամօր նուիրուած կտաւներ՝ սկիհ, խոյրեր, ս. Աւետարաններու կողքեր, նկարազարդուած հնատիպ գիրքեր եւ ձեռագիրներ, ապա նաեւ ժամանակաշրջանը՝ 17-րդ եւ 18-րդ դարեր։ Կային նաեւ ժամանակակից քանի մը նշանաւոր նկարիչներու գործեր՝ ինչպէս Մուսթաֆա Ֆարրուգի եւ հայազգի Զօհրապի, Աստուածամօր նուիրուած գործեր։

«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն»  ցուցահանդէսի բացումը
«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն» ցուցահանդէսի բացումը

Մայրավանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան՝ Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան, փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ան անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի յատուկ դերակատարութեանը հայ իրականութեան մէջ։ Յատկապէս, ան կեդրոնացաւ Աստուածամօր մայրական հովանիին՝ Միաբանութեան ողջ պատմութեան ընթացքին։ Ան յատուկ շեշտեց Լիբանանի Խազէն ընտանիքի ունեցած դերակատարութեանը՝ անոնց ունեցած պատմական նպաստին Զմմառու մայրավանքի հիմնադրութեան ժամանակշրջանին։ Մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորագոյն իմաստին եւ նպատակներուն՝ մեծարել Տիրամայրը, փառաբանել մայր Եկեղեցւոյ կառուցումին 255 ամեակն ու փոխանցել հարուստ ժառանգութիւնը նորանոր սերունդներուն։

Ամեն. եւ Գերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքը իր հայրական պատգամին մէջ մաղթեց որ Զմմառու մայրավանքը մնայ աղօթքի տուն, յիշողութեան պահակ, մշակոյթի փարոս, հոգեւոր եւ մշակոյթային զբօսաշրջութեան կեդրոն եւ անցեալը ներկային կապող կամուրջ։ Ան սոյն ցուցահանդէսը որակեց որպէս ոչ անցեալի պատկանող թանգարան մը, այլ՝ յիշողութիւն մը, զոր կը կենդանացնենք, կտակ՝ զոր կը յանձնենք նոր սերունդներուն եւ նոր պատուհան մը որ կը նայի դէպի գալիք ապագայ։ Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց իր խօսքը սրտգին մաղթանքով՝ «Թող որ Զմմառու Տիրամայրը մնայ պահապան այս տան, մեր Եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին, Լիբանան հայրենիքին եւ անոր բոլոր բնակիչներուն»։

«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն»  ցուցահանդէսի բացումը
«Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն» ցուցահանդէսի բացումը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ նախարարուհի՝ Տիկ. Լորա Լահհուտ Խազէն, միասնաբար հատեցին ժապաւէնը։ Հուսկ, բոլոր ներկաները մուտք գործեցին «Մեսրոպ Ճուրեան» սրահ, որտեղ յատուկ խնամքով եւ բարձր ճաշակով ներկայացուած էին մայրավանքի թանգարանէն յատուկ իրեր։ Անոնց ընկերացան Մեծաւոր հայրն ու Հայր Նարեկ վրդ.-ը, որոնք ներկայացուցին ներկայացուած իրերու եւ կտաւներու իմաստներն ու արժէքը։

Հանդիսութեան ընթացքին, գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան՝ Ռաֆֆի Չիլինկիրեան՝ տուտուքով, իսկ Ճոնի Կէօքճեան մեներգներով։

«Ոգեւղէն Աւանդի Վկայութիւն» թեմայով ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի 16 օգոստոս 2026 թուական, ուր Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին Հայրապետական պատարագէն ետք, ներկաները առիթը պիտի ունենան այցելելու եւ իրազէկ դառնալու դարերէ ի վեր Զմմառու մայրավանքին մէջ նախանձախնդրութեամբ պահպանուած գանձերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/08/2026, 18:50