«Մէկ սիրտ ի Քրիստոս» բնաբանը լոկ խօսք չմնաց այլ դարձաւ ապրում. Հայր Արամ Սաատօ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
29 Յուլիսէն 3 Օգոստոս 2026-ին, Լիբանանի Այնճար գիւղաւանին եւ Զմմառու մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ սիրտ ի Քրիստոս» (WAYD 2026) համահայկական-եկեղեցական երիտասարդական հաւաքը՝ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան կազմակերպութեամբ։
Հաւաքը համախմբեց աւելի քան 200 երիտասարդներ՝ աշխարհի վեց երկիրներէ։ Հոգեւոր, մշակութային, կրթական եւ համայնքային ծրագիրներու ընդմէջէն մասնակիցները անդրադարձան հաւատքի, ինքնութեան, եղբայրութեան եւ ծառայութեան թեմաներուն։ Ծրագրին մաս կազմեցին նաեւ ուխտագնացութիւններ, համայնքային ծառայութիւն եւ հայկական մշակոյթը ներկայացնող ձեռնարկներ։
Հաւաքը եզրափակուեցաւ Զմմառու մայրավանքին մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով։
«Մէկ սիրտ ի Քրիստոս» բնաբան կրող այս մեծածաւալ նախաձեռնութեան գաղափարին, կազմակերպչական հանգրուաններուն, ձեռնարկի նպատակներուն ու արձագանգին, ինչպէս նաեւ օրակարգին մէջ ընդգրկուած կեդրոնական նիւթերուն մասին զրուցեցինք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Երիտասարդական Յանձնախումբի պատասխանատու` Հայր Արամ Սատոյին հետ եւ ստորեւ կը ներկայացնենք զրոյցը մանրամասնութիւնով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.